Որոնել

Նիկիոյ մէջ միութեան պատգամ՝ քրիստոնեաներուն, Լիբանանին մէջ՝ խաղաղութեան համար

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն, որոնք հաւաքուած էին Վիլլա Պարպերինի-ի պալատի մուտքին։ Քահանայապետը իր Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնր նկարագրեց իբր յոյսի եւ խաղաղութեան ճամբորդութիւն։ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մասին, յորդորեց միշտ երկխօսութիւն փնտռել պատերազմին վերջ դնելու համար։ Իսկ կանանց դէմ բռնութեան դէմ պայքարի մասին արտայայտուելով, նշեց թէ պէտք է փոխել մտածելակերպը՝ սկսելով երիտասարդներու կրթութենէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Շատ ուրախ եմ, որ կրնամ այցելել Լիբանան»։ Այսպէս պատասխանեց Լեւոն ԺԴ. Պապը  Թուրքիա եւ Լիբանան մօտ օրէն կատարելիք ուղեւորութեան մասին հարցումին, Անքարա մեկնումէն քառասունութ ժամ առաջ, Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինի Պալատէն դուրսը հաւաքուած լրագրողներուն հեզ զրուցելով։

Խաղաղութեան եւ Յոյսի պատգամը

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի երկու երկիրներուն մէջ իր առաջին առաքելական ճամբորդութեան, որուն ծիրէն ներս  նախատեսուած է Իզնիք (İznik)-ի այցելութիւնը՝ Նիկիոյ ժողովի 1700-ամեակին համար, Քահանայապետը նշեց, որ իր փոխանցելիք պատգամը պիտի ըլլայ խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ՝ մասնաւորապէս այս Յոբելեանի ընթացքին։ «Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, – աւելցուց Պապը, – ողջունելու ամբողջ ժողովուրդը»։

Քահանայապետը ապա յայտնելով թէ Թուրքիոյ ճամբորդութիւնը ծնած է նշելու համար Նիկիոյ տարեդարձը յարեց «Մի քանի օր առաջ, փաստաթուղթ մը հրապարակեցինք՝ խօսելով հաւատքի մէջ միութեան կարեւորութեան մասին, որ կրնայ նաեւ խաղաղութեան աղբիւր ըլլալ ամբողջ աշխարհի համար։ Մենք պէտք է վկայութիւն ըլլանք» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը որ յիշելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Բարթողոմէոսի հետ ունենալիք հանդիպումները ըսաւ «Կը կարծեմ, որ ատիկա բացառիկ առիթ մը պիտի ըլլայ՝ բոլոր քրիստոնեաներուն միջեւ միութիւնը յառաջ տանելու համար»։

Զէնքերը պատասխան չեն

Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի մէջ Հեզապալլայի թաղամասերուն դէմ ռմբակոծութիւններուն մասին հարցումին Լեւոն ԺԴ. յարեց թէ «մտահոգութիւններ կան» ու կոչ ըրաւ  «ձեւեր փնտռելու՝ զիջելու զէնքերու գործածութենէն որպէս խնդիրներ լուծելու միջոց» ու յորդորեց իրարու յարգանք ցուցաբերել, միասին նստելու՝ երկխօսութիւնը վերսկսելու եւ  աշխատելու «մեզ յուզող խնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար»։

Ուքրանիոյ մէջ տակաւին մարդիկ կը մեռնին

Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ մասին, որ երեք տարիէ ի վեր պատերազմի մէջ է, ու քննարկութեան տակ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրը։

«Պէտք է սպասել, փառք Աստուծոյ կ՛աշխատին, փառք Աստուծոյ, – ըսաւ Լեւոն ԺԴ. – կը թուի թէ անոնք կը մօտենան իրարու։ Երկխօսութեան մէջ զանազան խնդիրներ կան, ես կ՛ուզէի բոլորը հրաւիրել հրադադարի մը, որովհետեւ տակաւին շատեր կը մեռնին»։

Նոր Մտածելակերպ մը

Կանանց Դէմ Բռնութեան Վերացման Միջազգային Օրուան կապակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը պնդեց, որ պէտք է «սկսիլ երիտասարդներու կրթութենէն», որովհետեւ «ամէն մարդ արժանի է յարգանքի» եւ ամէն մարդկային էակ արժանապատուութիւն ունի, ու կոչ ըրաւ վերջ դնելու բռնութեան, որ յաճախ կը դպնայ նաեւ պատանիներուն, ստեղծելով «այլ մտածելակերպ մը»։ «Պէտք է ըլլալ խաղաղութեան մարդիկ, որոնք բոլորը կը սիրեն»։

Ի վերջոյ, Լեւոն ԺԴ. Պապը բաւարարելով լրագրողներու հետաքրքրութիւնը, թէ ինք, ըլլալով ամերիկացի, ինչպէս պիտի ապրի Գոհաբանութեան Օրը (որ կը զուգադիպի ճամբորդութեան ընթացքին)։ «Շատ բաներ կան, որոնց համար շնորհակալ եմ։ Կ՛ուզէի քաջալերել բոլոր մարդիկը, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու այս գեղեցիկ տօնին առիթով, որ կը միացնէ մարդիկը նաեւ տարբեր հաւատքներէ կամ անոնք, որոնք չ՝ունին հաւատքի պարգեւը՝ շնորհակալութիւն յայտնելու մէկու մը, եւ ճանչնալու թէ բոլորս ալ շատ պարգեւներ ստացած ենք, առաջին հերթին՝ կեանքի պարգեւը, հաւատքի պարգեւը, միութեան պարգեւը» ըսաւ Քահանայապետը խրախուսելով յառաջ տանելու «խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու այն բաներուն համար, որոնք մեզի պարգեւած է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2025, 09:35