Լեւոն ԺԴ. եւ Բարթողոմէոս Պատրիարքը. Երբեք չօգտագործել Աստուծոյ անունը՝ պատերազմներն ու բռնութիւնները արդարացնելու համար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 29 նոյեմբերին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը եւ Տիեզերական Պատրիարքը, Պատրիարքական Պալատին մէջ ստորագրեցին «համատեղ հռչակագիրը» եւ մասնաւոր հանդիպում ունեցան, որմէ՝ ծիրէն ներս ներկայացուցին համապատասխան պատուիրակութիւններու անդամները։
Համատեղ Հռչակագիրը
Հռչակագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս, Սուրբ Անդրէասի Տօնին նախօրեակին հանդիպելով, իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին իրենց հանդիպման առթիւ ու վերահաստատեցին իրենց նուիրումը երկխօսութեան, որ նպատակ կը դնէ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներուն միջեւ լման միութեան վերահաստատումին։
Քրիստոնեաներու Միութիւնը
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի որ Քրիստոնեաներուն միութիւնը պարգեւ մըն է եւ ոչ միայն մարդկային ջանքերու արդիւնք։ Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը կը հրաւիրեն բոլոր հաւատացեալները աղօթելու Յիսուսի աղօթքին իրականացման համար. «որպէս զի ամէնքը մէկ ըլլան» (Յով 17,21)։
Նիկիոյ Ժողովի 1700-ամեակը
Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Տիեզերական Պատրիարքը նշեցի որ Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակի յիշատակումը կ՝ընդգծէ միութեան եւ Նիկիոյ Հաւատոյ Յայտարարութեան մէջ արտայայտուած ընդհանուր հաւատքին կարեւորութիւնը։
Զատկուան թուականը
Հռչակագրին մէջ գոհունակութիւն կը յայտնուի այս տարի Զատիկը նոյն օրը տօնելու համար եւ կը յայտնեն ընդհանուր փափաք՝ քննելու լուծում մը, որպէսզի ամէն տարի միասին տօնեն զայն։
Համատեղ Յայտարարութեան 60-ամեակը (1965)
Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը գոհունակութեամբ կը յիշեն իրենց նախորդներուն՝ Պօղոս Զ. Պապին եւ Պատրիարք Աթէնագորասի ժեսթը, որ անյաջող դարձուց 1054 թուականի նզովքները, մղելով տատամսողները շարունակելու երկխօսութիւնը։
Աստուածաբանական Երկխօսութեան աջակցութիւն
Հռչակագիրին մէջ կը վերահաստատեն իրենց շարունակական աջակցութիւնը Միջազգային Խառն Յանձնաժողովին՝ Աստուածաբանական Երկխօսութեան համար։ Կը քաջալերեն եղբայրական յարաբերութիւնները, աղօթքը եւ համատեղ աշխատանքը։
Խաղաղութեան Կոչ եւ Բռնութեան Մերժում
Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Պատրիարքը կ'աղօթեն խաղաղութեան համար եւ կը խնդրեն քաղաքացիական եւ քաղաքական առաջնորդներէն անմիջապէս դադրեցնել պատերազմի ողբերգութիւնը։ Կտրականապէս կը մերժեն կրօնքի գործածումը բռնութիւնը արդարացնելու համար։
Միջկրօնական Երկխօսութիւն
Քահանայապետը ու Պատիարքը կը շեշտեն, որ իսկական միջկրօնական երկխօսութիւնը էական է տարբեր աւանդոյթներու եւ մշակոյթներու պատկանող ժողովուրդներու համակեցութեան համար, յիշելով նաեւ Nostra Aetate հռչակագրին 60-ամեակը։
Յոյս եւ Աղօթք
Չնայած միջազգային մտահոգութիւններուն, Լեւոն ԺԴ Պապն ու Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը յոյս կը յայտնեն ու կը յանձնեն Աստուծոյ բոլոր մարդ արարածները, յատկապէս կարիքի մէջ գտնուողները, աղօթելով անոնց սփոփանքին եւ «Աստուծոյ խորհուրդը ճանչնալու լման հասկացողութեան» համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
