Լեւոն ԺԴ. Թուրքիան կարևոր դեր ունի Մերձաւոր Արևելքի և Ուքրանիայի մէջ խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Իսթանպուլէն Պէյրութ փոխադրող թռիչքի ընթացքին Լևոն ԺԴ Պապը հանդիպեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներու հետ, իր այս առաջին միջազգային առաքելական ճանապարհորդութեան առաջինը հանգրուանը կատարելէն ետքը՝ խոր երախտագիտութիւն յայտնելով Թուրքիոյ` Նիկիայի ժողովի 1700-ամեակի առիթով իրեն ցուցաբերած ընդունելութեան համար:
Սրբազան Պապը Երկիրը որակեց «տարբեր հաւատքներու միջև հնարաւոր համակեցութեան օրինակ» և Մերձաւոր Արևելքի ու Ուկրանիայի մէջ խաղաղութեան ջանքերու հիմնական դերակատար:
Պատասխանելով Թրքական լրատուամիջոցներու հարցերուն՝ Լևոն ԺԴ.ը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի աջակցութիւնը Իսրայէլի և Պաղեստինի համար երկու պետութիւններու լուծման՝ ընդգծելով, որ Թուրքիան կը կիսէ այս դիրքորոշումը և կարող է նպաստել բանակցութիւններուն:
Ուքրանիոյ պարագային Սրբազան Պապը յիշեցուց Անգարայի արդեն իսկ խաղացած դերը երկխօսութեան խթանման և հացահատիկի միջանցքի նման նախաձեռնութիւնների խթանման գործին մէջ՝ հոյս յայտնելով, որ անոր միջնորդութիւնը կը շարունակէ խթանել հրադադարը:
Ապագային նայելով՝ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ կը գնահատէ 2033 թուականին Երուսաղեմի մէջ խոշոր համամիութենական հանդիպման հնարաւորութիւնը Փրկագործութեան երկու հազարամեակին առիթով, իրադարձութիւն, որուն նպատակն է միացնել բոլոր քրիստոնէական համայնքները։
«Ես կ՛ուզեմ խաղաղութեան պատգամաբեր ըլլալ», - եզրափակեց Ան՝ ողջունելով լրագրողները Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութին միջազգային օդակայան վայրէջք կատարելէն առաջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
