Որոնել

2025.11.21 Membri del Consiglio di Rappresentanza di Caritas Internationalis

Սէրը մեզի առաջ կը մղէ, սէրը կը բանայ մեր աչքերը ուրիշներու վէրքերուն նկատմամբ․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց «Caritas Internationalis»-ի Ներկայացուցչական Խորհուրդի անդամներուն․ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը սփռուի միայն այն ատեն, երբ միասին կը քալենք որպէս ճանապարհի ընկերներ՝ թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին կերտէ մեր ողորմասէր գործերը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

21 Նոյեմբեր 2025ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Caritas Internationalis»ի Ներկայացուցչական Խորհուրդի անդամները, որոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց «Յոյսի Յոբելեանի ընթացքին այդ այցելութեան» եւ ամբողջ «Եկեղեցւոյ մատուցուող անսասան ծառայութեան համար»։

Կազմակերպութիւնը «իր հիմնադրումէն ի վեր կը մարմնաւորէ Եկեղեցւոյ աւետումը առ այն, որ «Քրիստոսի նախասիրութիւնը աղքատներու, վերջիններու, անտեսուածներու նկատմամբ է», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը (Ֆրանչիսկոս, Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն 11 Մայիս 2023 ուղղած պատգամ)՝ աւելցնելով, որ այդ Տեսլականը Սուրբ Հաղորդութեան հիմքն է, որտեղ Տէրը «սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք» (Յովհաննէս 13։1)։

Սէրը մեզ ծառայ կը դարձնէ

«Dilexi Te – Ես քեզ Սիրեցի» իմ Առաքելական Յորդորիս մէջ», ըսաւ Ան, «խորհրդածեցի այս խորհուրդի մասին. Քրիստոսէն ստացած սէրը երբեք անձնական գանձ մը չէ, այլ միշտ մեր ձեռքերուն վստահուած առաքելութիւն է։ Սէրը մեզ յառաջ կը մղէ, սէրը մեզ ծառայ կը դարձնէ, սէրը կը բանայ մեր աչքերը ուրիշներու վէրքերուն նկատմամբ», շեշտեց Ան։

Եկեղեցւոյ միսիոներական գործի սիւները՝ խաղաղութիւն, արդարութիւն ու ճշմարտութիւն

«Caritas Internationalis»ը երկար ատենէ ի վեր Եկեղեցւոյ մայրական սիրոյ լուսաւոր նշանն է, հաստատեց այնուհետեւ Լեւոն ԺԴ․ եւ յորդորեց գործել՝ հիմնուելով Եկեղեցւոյ միսիոներական գործի ու Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան երեք սիւներուն վրայ, որ խաղաղութիւն, արդարութիւն ու ճշմարտութիւնն են, նկատել տալով, որ այս տեսլականը ընդգծած էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած իր առաջին պատգամին մէջ անցեալ Մայիսին։

Ամրապնդել աշխարհական առաջնորդներու ձեւաւորումը եւ պահպանել միասնութիւնը

«Քարիթասի» համար այդ մէկը վերացական գաղափար մը չէ, այլ՝ ամենօրեայ աշխատանք, շեշտեց հուսկ Պապը եւ խրախուսեց «շարունակել ուղեկցիլ տեղական եկեղեցիներուն, ամրապնդել աշխարհական առաջնորդներու ձեւաւորումը եւ պահպանել միասնութիւնը տարբերակուած կազմակերպութենէն ներս»։

Աղքատներուն ծառայութեան միջոցաւ վկայել Եկեղեցւոյ մասին

«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը սփռուի միայն այն ատեն, երբ միասին կը քալենք որպէս ճանապարհի ընկերներ՝ թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին կերտէ մեր ողորմասէր գործերը», նշեց ի վերջոյ Սրբազան Հայրը՝ ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրամօր օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2025, 11:30