Որոնել

2025.11.07 Membri dell'Advisory Board di RCS Academy

Տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութեան մէջ շահագործումը կը ներկայացուի որպէս հոգատարութիւն, իսկ սուտը՝ որպէս ճշմարտութիւն․ Լեւոն ԺԴ․

RCS ակադեմիայի Խորհրդատուական խորհուրդի անդամներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յոյս յայտնեց, որ «տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութիւնը» չի հանգեցնէ անմարդկայնացման եւ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու ձեւերու տարածման։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

7 Նոյեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց RCS ակադեմիայի Խորհրդատուական խորհուրդի անդամներուն։

Նշենք թէ՝ RCS ակադեմիան RCS (Rizzoli-Corriere della Sera) հրատարակչական խումբի գործարարական դպրոցն է, որ կ՚առաջարկէ նորարարական ու առաջատար ուսումնական ծրագիրներ տնտեսագիտութեան, կառավարման, հաղորդակցութեան եւ գործարարական ոլորտներէն ներս։

Սրբազան Պապը անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը, յիշեցնելով «թուային դարաշրջանի մէջ նոր մարդաբանութեան հնարաւորութեան» հայող անոնց այս օրերուն ունեցած հանդիպումները, շեշտեց, որ այսօր վտանգն այն է, որ հաղորդակցութիւնը կարող է դառնալ «ալկորիթմներու համակարգ, որոնք անվերջ կը վերարտադրեն մեր դատողութիւնները՝ առանց որեւէ խիղճի կամ գիտակցութեան, վերածելով զանոնք պարզապէս տուեալներու»: Այս իմաստով լուրջ մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու եւ արդիւնաւէտ քաղաքացիութիւն խթանելու նպատակով, Պապին կողմէ առաջարկած «դեղատոմսը» «կրթութիւնն է, որ բոլոր մարդոց հաւասար արժանապատւութիւնը կը դարձնէ աշխոյժ եւ փոխակերպող՝ խթանելով արդիւնաւէտ տեղական եւ համաշխարհային քաղաքացիութիւն՝ մասնակցութեան, զօրակցութեան եւ ազատութեան ոգիով։

Կրթութիւնը պէտք չէ առանձնացուի անհատներու եւ համայնքներու համապարփակ զարգացումէն

Կրթութիւնը կարեւոր է թուային միջավայրերու մէջ կողմնորոշուելու եւ արհեստական​​բանականութեան քննադատօրէն մօտենալու համար եւ պէտք չէ առանձնացուի անհատներու եւ համայնքներու համապարփակ զարգացումէն, եղաւ ուստի Նորին Սրբութեան շեշտադրումը։ Ըստ Անոր, տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութեան եւ գիտելիքներու պարապութեան մէջ, շահագործումը կը ներկայացուի որպէս հոգատարութիւն, իսկ սուտը՝ որպէս ճշմարտութիւն, ինչը կը հանգեցնէ անմարդկայնացման եւ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու ձեւերու տարածման։

Տեղեկացնել պատասխանատու կերպով եւ քննադատաբար գնահատել ամէն բան

Հիմնուելով վերոնշեալի վրայ, Լեւոն ԺԴ. երկակի նկատեց անոնց աշխատանքը, զոր կը կայանայ մէկ կողմէ պատասխանատու կերպով տեղեկացնելու մէջ, միւս կողմէ եւ միեւնոյն ատեն սեփական լսարանին հնարաւորութիւն ընձեռելու մէջ՝ քննադատաբար գնահատելու ամէն բան, տարբերակել ու փաստերը կարծիքներէն, իրական լուրերը՝ կեղծիքէն:

Աշխատանք, որ կը ներառէ գործարարութեան տնտեսագիտութիւն եւ ռազմավարութիւններ, որ, ըստ Քահանայապետի կը նշանակէ հրաժարիլ «Business is business» մտածելակերպէն եւ միշտ պահպանել քննադատական​​եւ արդար մտածողութիւն։

«Նոր բաները», որոնց մենք պէտք է բախուինք, կը պահանջեն նոր մտածողութիւն և նոր հեռանկարներ՝ ունակ ներգրաւելու իշխանական տրամաբանութեան կողմէ մեկուսացուածները կամ շահագործուածները: Ասիկա է «լուրեր» սփռողներու մարտահրաւէրը», յատուկէն շեշտեց Սրբազան Պապը։

Հաղորդակցութիւնը ազատել նորաձեւութեան շտապողականութենէ

Ի վերջոյ, ապագայի տեղեկատւութիւնը միասին կառուցելու նպատակով՝ Սրբազան Պապը կոչ ըրաւ պատասխանատուութեան եւ ազնուութեան, զոր իր հերթին կը պահանջէ ստեղծարար մօտեցում ու տեսլական, հեռատես եւ կառուցողական մտածողութիւն, ազատելով հաղորդակցութիւնը նորաձեւութեան շտապողականութենէ, շահերու կողմնակալութենէ եւ լսողութեան չկրթող բանավէճերէ։

Աշխարհը կարիքը ունի ազնիւ եւ խիզախ ձեռնարկատէրերու ու հաղորդակցողներու, որոնք հոգ կը տանին հասարակաց բարիքին, ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ Քրիստոսի Աւետարանը միշտ ոգեշնչէ զանոնք` ճանապարհորդութեան ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 11:48