Որոնել

«Leo from Chicago». Ձայներ եւ դէմքեր՝ Քահանայապետին արմատները պատմելու համար

Լեւոն Պապի՝ Քահանայապետ ընտրուելուն վեցամսեակին առիթով, երէկ՝ 10 Նոյեմբերին, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական տնօրինութիւնը Վատիկան Նիուզի հեռուստաալիքներով եթեր ուղարկեց Ռոպէրթ Ֆրենսիս Փրեվոսթի ամերիկեան արմատներու մասին պատմող «Leo from Chicago» վաւերագրական շարժանկարը անգլերէն, իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով։ Շարժանկարի արտադրութեան հեղինակներն են՝ Տեպորահ Քասթելլանօ Լուպով, Սալվաթորէ Չերնուցիօ եւ Ֆելիփէ Հերերա-Էսփալիաթ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան վեցամսեակի առթիւ, 10 Նոյեմբերին Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզը եթեր ուղարկեց «Leo from Chicago» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ կ’անդրադառնայ Ռոպէրթ Ֆրենսիս Փրեվոսթի հայրենի Երկիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պատմութեան, ընտանեկան արմատներուն, ուսման եւ Օգոստինոսի միաբանութեան անդամակցելուն։

Ճանապարհորդութիւնը կը սկսի անոր մանկութեան քաղաքէն՝ Տոլթոնէն, անցնելով իր եղբայրներու Լուի եւ Ճոնի յիշողութիւններով, ապա յաճախած դպրոցներով, համալսարաններով, համայնքներով եւ ծխական համայնքներով՝ ուղեկցութեամբ իր եղբայրակիցներու, ուսուցիչներու, դասընկերներու եւ վաղեմի ընկերներու ձայներուն։

Bobը, որ դարձաւ Պապ

Շարժանկարի միջոցաւ մենք կը ծանօթանանք, որ Ռոպէրթ Ֆրենսիսը, կամ աւելի ճիշտ, Bobը, ինչպէս ճանչցուած էր Ան, ինքնաշարժ վարելու սիրահար էր․ «կը ճանչնար բոլոր տեսակի եւ մակնիշերու ինքնաշարժները։ (․․․) Կը սպասեմ զինք տեսնել որ «papamobile»ն կը վարէ, քանի որ չի սիրեր նստիլ ետեւի նստատեղին», կը կատակէ ընկերներէն մին շարժանկարին մէջ։

Շարժանկարէն կը տեղեկանանք նաեւ Լեւոն ԺԴ․ խոհարարական ճաշակի (կը սիրէ պիցցա, համպուրկեր, սթեյք, իսկ ուրբաթ օրերուն՝ ձուկ) եւ երաժշտական​​նախասիրութիւններու (Էլթոն Ճոնէն մինչեւ Նիլ Տայմոնտ) մասին, կը յայտնաբերենք, որ Chicago White Sox-ի երկրպագու է եւ որ ամէն օր հեռախօսազանգերու միջոցաւ առնուազն քառորդ ժամ կը խօսի իր եղբայրներուն հետ։

Այս պատմութիւններէն զատ, մենք կը ծանօթանանք սովորական կենցաղով ապրած մարդու մը , որ մեծցած է Տոլթոնի փոքրիկ տունի մէջ, ուր այսօր ամէն օր մարդիկ կը հաւաքուին աղօթելու համար։ Կը ծանօթանանք Անոր ընտանիքին հետ, որ կաթողիկէ էր. «ամէն երեկոյ մայրիկն ու հայրիկը հիւրասենեակին մէջ կ’աղօթէին Վարդարանը։ Իսկ առաւօտեան մայրիկը ժամը 5ին կ’երթար պատարագի», կը յիշեն եղբայրները։ Եւ «Պոպ»ը «կարծես արդեն իւրայատուկ էր։ Ան ամէնէն առաջ հասկցած էր, որ կ’ուզէր քահանայ դառնալ։ Օր մը դպրոցի միանձնուհիներէն մին ըսած էր անոր. «Գուցէ կարող ես Պապ դառնալ»։ Եւ մենք կը ծաղրէինք զինք այդ նախադասութեան համար» կը յայտնէ Փրեվոսթ եղբայրներէն մին։

Միսիոներ դառնալու անոր ընտրութիւնը նոյնպէս զարմանալի չէ, կը շարունակեն եղբայրները, պատմելով մարդկանց նկատմամբ անոր սիրոյ մասին, որ ընկերային արդարութեան մասին կը խօսէր աւագ դպրոցէն սկսեալ, որ պտուղներ տուաւ Փերուի մէջ, ուր ան իրը դարձուց ու կիրառեց «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը»:

Փրեվոսթի եղբայրները կ’անդրադառնան նաեւ Սուրբ Օգոստինոսին, նկատել տալով, որ «ան կը նոյնանայ Օգոստինոսի հետ»։ «Անոր նորընծայութեան շրջանը հրաշալի էր՝ լի համբերատարութեամբ եւ խելամտութեամբ, բայց նաեւ լուռ մնալու ունակութեամբ», որ ճիշտ Օգօոստինեան միաբանութեան անդամներու մարտահրաւէրն է, այսինքն՝ համատեղել խորհրդածական կողմը աշխոյժ կողմի հետ, կը շեշտեն եղբայրները՝ եզրափակելով թէ կը կարծեն, որ «ան կը փոխէ Եկեղեցին պարզապէս մնալով այնպէս ինչ որ է»։

Շարժանկարի արտադրութիւնը

«Leo from Chicago», որ կը յաջորդէ անցեալ տարուայ յունիսին ներկայացուած « León de Perú» ապագայ Պապի միսիոներական տարիներու մասին վաւերագրական շարժանկարին, արտադրուած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական Տնօրինութեան կողմէ՝ համագործակցութեամբ Չիքակոյի Արքեպիսկոպոսութեան եւ «El Sembrador – Nueva Evangelización» (ESNE) կաթողիկէ ռատիօհեռուստատեսութեան ցանցին։ Հեղինակներն են՝ լրագրողներ Տեպորահ Քասթելլանօ Լիւպով, Սալվաթորէ Չերնուցիօ եւ Ֆելիփէ Հերերա-Էսփալիաթ:

Շարժանկարը հնարաւոր է դիտել Վատիկան Նիուզի ԵուԹուպի ալիքով ՝ երեք լեզուներով (անգլերէն, իտալերէն եւ սպաներէն) եւ, ըստ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիի, պիտի տրուի բոլոր անոնց, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն հեռարձակելու զայն, խնդրանքով, որ վերջիններս նուիրատուութիւն կատարեն Փերուի Քարիթասին, ինչպէս համաձայնեցուած է Լեւոն Քահանայապետին հետ»:

Առաջիկայ օրերուն Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը Լեւոն ԺԴ․ Պապի կերպարին նուիրուած տարբեր հանրային հանդիպումներու ծիրէն ներս, պիտի ցուցադրէ շարժանկարը Իտալիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ, ի մասնաւորի՝ Վիչենցայի եւ Քրեմոնայի (Նոյեմբեր 21), Թրենթոյի (Նոյեմբեր 25), Վերոնայի (Դեկտեմբեր 1), Ճենովայի (Դեկտեմբեր 5) եւ Քալիարիի մէջ (Դեկտեմբեր 15):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2025, 10:00