Արհեստական բանականութեան առջեւ պաշտպանել մանուկներու արժանապատուութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը 13 Նոյեմբերին Վատիկանէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց «The Dignity of Children and Adolescents in the Age of Artificial Intelligence - Երեխաներու եւ դեռահասներու արժանապատուութիւնը արհեստականբանականութեան դարաշրջանին մէջ» խորագիրով Համաժողովի մասնակիցները․ Բարձր մակարդակի միջազգային հանդիպում, որ կայացաւ Հռոմի «Փալացցօ տելլա Քանչելլերիա» պալատէն ներս եւ նուիրուած էր թուային հասարակութեան մէջ բարոյագիտութեան եւ պատասխանատուութեան՝ գիտակցիլ տալու համար, որ առցանց միջավայրը, ստեղծագործութեան եւ կապի համար տարածքներ բանալով հանդերձ, նաեւ այն վայրն է, ուր երեխաներու անմեղութիւնը յաճախ սպառնալիքի տակ է։
Երեխաները յատկապէս խոցելի են
Ճիշտ այս է պատճառը, որ Նորին Սրբութիւնը համաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպումի ընթացքին հիմնարար նկատեց ծնողներու եւ դաստիարակներու դերը, որպէսզի մշակուին գործիքներ՝ մանուկներու՝ արհեստագիտական սարքերուն հետ փոխազդեցութիւնները վերահսկելու համար, քանզի «երեխաները յատկապէս», ըսաւ Ան, «խոցելի են արհեստականբանականութեան ալկորիթմներու միջոցաւ խեղաթիւրումներու նկատմամբ, որոնք կարող են ազդեցութիւն ունենալ անոնց որոշումներու եւ նախասիրութիւններու վրայ։
Միջազգային հանրութեան դերը
Պապը ընդգծեց, ապա, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուութիւնը՝ մշակելու եւ իրականացնելու քաղաքականութիւններ՝ մանուկներու արժանապատւութիւնը արհեստականբանականութեան դարաշրջանի մէջ պաշտպանելու համար» Այդ մէկը, ըստ Պապի կը ներառէ «տուեալներու պաշտպանութեան հայող գործող օրէնքներու թարմացում՝ խթանելով բարոյագիտական չափանիշները եւ գիտակից թուային կրթութիւնը։
Կրթութեան եւ բարոյագիտութեան կարեւորութիւնը
«Բարոյագիտական կանոնագիրքերու մշակումը եւ կիրառումը կարեւոր քայլ է, բայց անիկայ բաւարար չէ», շեշտեց նաեւ Քահանայապետը։ Անոր կողմէ նախանշուած ուղին կը ներառէ ամենօրեայ, շարունակական կրթական աշխատանք մեծահասակներու կողմէ, որոնք, իրենց հերթին պէտք է կրթուին եւ աջակցուին կրթական դաշինքներու ցանցերու կողմէ, օգնելու համար երիտասարդները ճանչնալու արհեստական բանականութեան վտանգները և օգտագործելու զայն որպէս աճումի գործիք՝ զայն դարձնելով դաշնակից, եւ ոչ թէ սպառնալիք զարգացման ճանապարհին:
Մաղթելով, ի վերջոյ, արգասաբեր Համաժողով, Լեւոն ԺԴ․ աւարտեց պատգամը անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
