Որոնել

2025.11.24 Partecipanti al Capitolo Generale dell'Ordine dei Servi di Maria

Եղբայրութիւն տանիլ հակամարտութեան, հարստութեան, մշակութային տարբերութիւններու, ցեղի կամ կրօնի պատճառաւ բաժնուած աշխարհի մէջ․ Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Մարիամի ծառաներ» Միաբանութեան անդամները՝ 215-րդ Ընդհանուր Ժողովի առթիւ, որոնց յորդորեց ապրիլ Աւետարանի համաձայն, լսել աղքատներու աղաղակը, խթանել ամբողջական բնապահպանութիւնը եւ նուիրուածութիւնը Տիրամօր․ «Թող Տիրամայրը ցուցնէ թէ ինչպէս կայնիլ անթիւ խաչերու կողքին՝ մխիթարութիւն, օգնութիւն եւ սիրոյ թանկարժէք հաց տանելու համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 24 Նոյեմբերին ընդունեց «Մարիամի ծառաներ» Միաբանութեան անդամները՝ 215-րդ Ընդհանուր Ժողովի առթիւ, որուն նիւթն է «Ըլլալ ծառաներ բեւեռացուած աշխարհի մէջ՝ կառուցելու այն, որ կը միաւորէ մեզի՝ գնահատելով մեր տարբերութիւնները»։

Վերադառնալ ակունքներուն՝ մարգարէական հայեացքով նայելու ապագային

Վերադարձ դէպի ակունքները եւ, միեւնոյն ժամանակ, հայեացք դէպի ապագայ։ Երկու ծաւալներ, որոնք, հնարաւոր չէ առանձնացնել, քանզի «որքան մարդ կը վերադառնայ դէպի իր ակունքներ, այնքան աւելի  ընդունակ կը դառնայ ստեղծագործելու եւ մարգարէանալու։ Նորին Սրբութիւնը այս միտքը արտայայտեց անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը եւ դէպի ակունքներ վերադարձի եռեակ ուղի առաջարկեց։

Լսել աղքատներու աղաղակը

Ամենէ առաջ, այդ մէկը կը նշանակէ վերադարձ Աւետարանին, ըստ Աւետարանի ապրելուն։ Ապա՝ վերադարձ Կանոնին, այսինքն՝ «Մարիամի ծառաներ» միաբանութեան պարագային, Սուրբ Օգոստինոսի Կանոնին, որ «Սահմանադրութիւններու եւ հոգեւորականութեան պատմութենէն եկող ժառանգութիւն մըն է եւ Աստուծոյ Խօսքը մեկնաբանելու բանալի», եւ երրորդ՝ «լսել աղքատներու աղաղակը»։

Այս եռեակ վերադարձը լաւագոյնս դրսեւորելու համար, ըլլայ այսօր ըլլայ միշտ,  Լեւոն ԺԴ․ առաջարկեց երեք միջոցներ՝ եղբայրութիւն, ծառայութիւն եւ Մարեմեան հոգեւորականութիւն, որոնք, ինչպէս նշեց Ան, բնորոշ են Միաբանութեան։

Եղբայրութիւն, ծառայութիւն եւ Մարեմեան հոգեւորականութիւն

Եղբայրութեան ոգին «Մարիամի ծառաներ» Միաբանութեան ստեղծման հիմքն է՝ տրուած ըլլալով, որ կառուցուած է եօթ հոգիներէ բաղկացած ընկերներու շուրջը , որոնք իրենց ժամանակաշրջանի ու քաղաքներուն մէջ դարձան «հաշտութեան եւ ողորմասիրութեան տարածողներ», շեշտեց Պապը եւ խրախուսեց ներկաները հետեւելու այդ եօթի օրինակին եւ ապրիլ եւ եղբայրութիւն տանիլ հակամարտութեան, հարստութեան, մշակութային տարբերութիւններու, ցեղի կամ կրօնի պատճառաւ բաժնուած աշխարհի մէջ։

Լեւոն ԺԴ․, ապա, անդրադարձաւ երկրորդ միջոցին՝ ծառայութեան՝ նկատել տալով, որ Միաբանութեան առաջին անդամները որոշեցին իրենք զիրենք «Ծառաներ» անուանել՝ առաջին քայլերը կատարելով «աղքատներու համար նախատեսուած հիւանդանոցի ծիրէն ներս»։ Այս իմաստով, Պապը քաջալերեց ու գնահատեց  այսօր Միաբանութեան աշխատանքը՝ «ի ծառայութիւն գաղթականներուն, բանտարկեալներուն, հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ ի սպաս ամբողջական բնապահպանութեան»։

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը «Մարիամի ծառաներ» Միաբանութեան անդամներուն, որպէս «Տիրամօր մեծ, յատուկ սիրահարներ» կոչ ըրաւ Եկեղեցւոյ մէջ խրախուսելու նուիրուածութիւնը Կոյսին ՝ «հիմնուած Աստուծոյ Խօսքի վրայ եւ ամուր աստուածաբանական ու եկեղեցական վերաբերմունքով»։

Գովաբանելով, ապա, Մարեմեան աստուածաբանական մասնաճիւղի եւ Տիրամօր նուիրուած բազմաթիւ սրբավայրերու մէջ հովուական խնամքին հայող աշխատանքը, Լեւոն ԺԴ․ պատգամը աւարտեց՝  օրհնելով ներկաները եւ Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելով անոնց վրայ։

Նշենք, որ «Մարիամի ծառաներ» Միաբանութիւնն այսօր ունի  700 միաբաններ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ, որ կը ներառէ նաեւ 12 վանքերու մէջ հայեցողական կեանք վարող միանձնուհիները, 21 կեանքի միաբանութիւններուն պատկանող քոյրերը, օծուած կանայք ու աշխարհականները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 12:40