Որոնել

Լիբանանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ Լիբանանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ  (ANSA)

Լիբանան պատրաստ է հիւրընկալելու Լեւոն ԺԴ. Պապը

Խանդավառութիւնը մեծ է, յոյսերը աւելի։ Պատրաստութիւններ ամենուրէք, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ եկեղեցական եւ ըլլայ քաղաքացիական գետնի վրայ։ Բոլորն ալ գիտակից են` որ 30 նոյեմբերին ժամանող հիւրը կարեւոր է, եւ այս մէկը ոչ միայն քրիստոնէական շրջանակներէն ներս այլեւ մահմետական
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բարի եկած ես Լեւոն Պապ։ Լիբանանը խաղաղութիւն կ'ուզէ։ Խաղաղութեան Պապ։ Երանի խաղարարներուն։ Պուրճ Համմուտի քաղաքապետարանը կ՛ողջունէ Լեւոն ԺԴ. Պապը». Այս եւ տարբեր գրութիւններով հսկայական պաստառներ, որոնք զետեղուած են Պէյրութի ու Լիբանանի այլ քաղաքներու շէնքերու, ճանապարհներու, կամուրջներու ու զանազան այլ վայրերու մէջ, կ՛աւետեն  Լիբանան ժամանող Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը`  Մայրիներու Երկիր։

Խանդավառութիւնը մեծ է, յոյսերը աւելի։ Պատրաստութիւններ ամենուրէք, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ եկեղեցական եւ ըլլայ քաղաքացիական գետնի վրայ։ Բոլորն ալ գիտակից են` որ 30 նոյեմբերին ժամանող հիւրը կարեւոր է, եւ այս մէկը ոչ միայն քրիստոնէական շրջանակներէն ներս այլեւ մահմետական, իրողութիւն` որ  կը խորհրդանշէ Լիբանանին պատգամ Երկիր ըլլալու իրականութիւնը, ինչպէս զայն որակած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 1997-ի 10 եւ 11 Մայիսին Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, որ հանդիսացած էր Անոր 77-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։

Լիբանան ժամանած Քահանայապետերը

Յայտնենք որ բացի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.էն Լիբանան այցելած է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը 2012-ի 14էն 16 սեպտեմբերին Միջին Արեւելիք Արեւելեան Եկեղեցիներուն յանձնելով «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, որուն մէջ շեշտուած էր քրիստոնէական վկայութեան մը նորոգումին, միջկրօնական երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումին անհրաժեշտութիւնը, տարածաշրջանի մը մէջ, որ յատկանշուած է ընկերային ու քաղաքական բարդ մարտահրաւէրներով, որոնց ծիրէն ներս Լիբանանը ունի կարեւոր դեր մը, որպէս կամուրջ ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի։

Այդ թուականէն 13 տարի անց այլ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Լիբանանը իր հետ բերելով յոյսի պատգամ մը, յատկապէս յոյսին նուիրուած այս յոբելենական տարուան առիթով, յոյս` որուն լիբանանցիները ունին մեծ կարիք, ի տես այն բազմաթիւ հարցերուն, զոր պէտք է դիմակայեն իրենց առօրեայի կեանքին մէջ։ Հացեր` որոնք կը վերաբերին ի միջի այլոց, գործի պակասի, անվտանգութեան, ապագայի տեսլականի, կրթութեան ու նաեւ բժշկական ծառայութիւններու դժուար հասանելիութեան։

Քահանայապետին օրակարգը

Սրբազան Պապը կը  ժամանէ Կիրակի 30 նոյեմբերին, տեղական ժամով կէսօրէն ետքը ժամը 3.45-ի ժամանակները, աւարտելէ ետք Թուրքիա կատարած այս առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան նկատուած այցը։

Նորին Սրբութեան առաջին օրուան յայտագիրը կը նախատեսէ այց Նախագահական Պալատ ուր նախ պիտի հանդիպի Լիբանանի Նախագահին հետ ապա Երկրի պատկան իշխանութիւններուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Երեք օր տեւող այս ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը` որպէս նստավայր պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ առաքելական Նուիրակութինը, որ կը գտնուի Հարիսայի Սրբավայրին մօտերը։

Ան ապա պիտի այցելէ Սուրբ Շարպելի սրբավայրը, պիտի հանդիպի տեղական կղերական դասին հետ, պիտի մասնակցի միջրկօնական հանդիպումի, պիտի գլխաւորէ երիտասրադաց հաւաքը, այցելութիւն պիտի տայ «Տէյր ըլ Սալիպ» Բուժարանին, ապա պիտի աղօթէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վայրին մօտ, հուսկ ծովափին վրայ պիտի մատուցէ ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2025, 06:00