Որոնել

Pope Leo XIV holds a general audience in Saint Peter's Square at the Vatican

Քահանայապետը խնդրեց աղօթքով ընկերանալ իր առաջին առաքելական ճամբորդութեան

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց` թէ վաղը պիտի մեկնի Թուրքիա ապա Լիբանան, «այցելելու համար պատմութեամբ ու հոգեւորականութեամբ լի այդ երկու երկիրներու ժողովուրդները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 26 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, հաւատացեալներուն զանազան լեզուներով ուղղած ողջոյն իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց` թէ վաղը պիտի մեկնի Թուրքիա ապա Լիբանան, «այցելելու համար պատմութեամբ ու հոգեւորականութեամբ լի այդ երկու երկիրներու ժողովուրդները»։

«Ասիկա պիտի ըլլայ նաեւ առիթ` յիշատակելու համար Նիկիոյ առաջին Համամիութենական Տիեզերական Ժողովը հանդիպելու համար Կաթողիկէ հասարակութեան, քրիստոնեայ եղբայրներու ու այլ կրօններու հաւատացեալներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ինծի ընկերանաք աղօթքով»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2025, 10:48