Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Թուրքիոյ կղերական դասին. Եղէք փոքրիկ հօտ` որ կը լուսաւորէ Գառնուկի լոյսով

Պատմական և հոգևոր նշանակութիւն ունեցող հանդիպման ժամանակ Լեւոն ԺԴ. Պապը Յոյսի հզօր պատգամ մը յղեց Թուրքիայի քրիստոնէական համայնքներուն, որոնք կը գործեն երկիր մը մէջ «ուր Իսրայէլի ժողովուրդը հանդիպեցաւ նորածին քրիստոնէական հաւատքին և ուր Հին ու Նոր Կտակարանները միաձուլուեցաւ»։
Ունկնդրէ այս եւ այս լուրին հետ կապուած միւս լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թուրքիոյ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 28 նոյեմբերին հանդիպեցաւ տեղական եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու հովուական գործիչներուն հետ մասնակցելով աղօթքի մէկ պահին ու այս առիթով իր արտասանած քարոզին սկիզբը նախ ուրախութիւն արտայայտեց գտնուելու համար այդ սուրբ հողին վրայ, «որուն մէջ Իսրայէլի ժողովուրդին պատմութիւնը հանդիպեցաւ նորածին քրիստոնէութեան հետ, հին ու նոր կտակարանները ողջագուրուեցան եւ ուր գրուեցան բազմաթիւ Տիեզերական Ժողովներու էջերը» ըսաւ Ան ակնարկելով այդ հողատարածքի վրայ տեղի ունեցող զանազան պատմական իրադարձութիւններուն ինչպէս, զոր օրինակ Սուրբ Պօղոսի առաքելական ճամբորդութիւնները, կամ Յովհաննէս Աւետարանիչի մահը` Եփեսոսի մէջ։ 

«Տակաւին այսօր եւս Թուրքիոյ մէջ կ՜ապրին արեւելեան ծէսի պատկան շատ մը քրիստոնեայ համահանգներ ինչպէս Հայերը, Ասորիները, Քաղդէացիները ու նաեւ լատին ծէսի պատկան հասարակութիւնը», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Տիեզերական Պատրիարքութիւնը կը մնայ առ այժմ «յղման կէտ» ըլլայ յոյն հաւատացեալներուն, ըլլայ միւս օրթոտոքս եկեղեցիներու հաւատացեալներուն համար։

Փոքրութեան տրամաբանութիւնը Եկեղեցւոյ իսկական ուժն է

«Այսօր դուք այն հասարակութիւնն էք որ կոչուած էք մշակելու Աբրահամէն, առաքեալներէն ու Եկեղեցւոյ հայրերէն փոխանցուած հաւատքը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ նոյնիսկ եթէ անոնք թիւով փոքր դարձած են հրաւիրուած են որդեգրելու աւետարանական հայեացքը լուսաւորուած Սուրբ Հոգիէն, որովհետեւ Աստուած եւս ընտրեց փոքրութեան ճամբան եւ Յիսուս եւս կը գնահատէ փոքրերը` որոնք անոր կը դիմեն, նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ փոքրութեան տրամաբանութիւնը Եկեղեցւոյ իսկական ուժն է` որ կախեալ չէ ոչ կառոյցներէն ոչ միջոցներէն եւ ոչ ալ թիւէն կամ տնտեսական ու ընկերային ուժէն այլ կ՛ապրի, ըսաւ Ան, «Գառնուկի լոյսով` ու համախմբուած է անոր շուրջ»։

«Մի Վախնար փոքրիկ հօտ»

«Մի Վախնար փոքրիկ հօտ» Տիրոջ խօսքերը յիշելով Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները միշտ վկայելու վստահելի յոյսի մը հոգեւոր վերաբերմունքը հիմնուած հաւատքի եւ Աստուծոյ հետ միութեան վրայ։ Կարիքը կայ արդարեւ Աւետարանը վկայելու ուրախութեամբ ապագային նայելու յոյսով». հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով արդեն իսկ գոյութիւն ունեցող յոյսի նշաններուն, որոնց շարքին յիշեց «երախաներու». այսինքն քրիստոնէական մկրտութեան մօտեցողներու ու նաեւ Եկեղեցւոյ մօտեցող երիտասարդներու աճող թիւը, որոնց համար Քահանայապետը խրախուսեց պատշաճ պատրաստութիւն մը, յատկապէս համամիութենական ու միջօրինակօրէն երկխօսութեան, տեղական ժողովուրդին հաւատքի փոխանցման ու գաղթականներու ի սպաս ծառայութեան շրջագիծէն ներս։

Գաղթականները

Քահանայապետը առ այդ շեշտը դրաւ այս վերջին երեւոյթին վրայ` գաղթականներու ու փախստականներու վրայ, որոնք մեծ թիւով ներկայ են Թուրքիոյ մէջ, հրաւիրելով ներկաները դիմագրաւելու այդ մարտահրաւէրը իւրացնելով նաեւ տեղւոյն լեզուն եւ մշակոյթը։

Ութը տիեզերական ժողովներ

Լեւոն ԺԴ յիշեց այդ հողատարածքի վրայ գումարուած ութը Տիեզերական Ժողովները ու այս տարի նշուող Նիկիոյ Առաջին Ժողովին 1700 ամեակը, որ «Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան ունեւորութեան անկիւնաքար մըն է » յարեց Ան յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն ու աւելցնելով` որ Ան կը մնայ միշտ այժմէական ու մեզ կը դնէ մի քանի մարտահրաւէրներու դիմաց։

Սոյն մարտահրաւէրներու շարքին Լեւոն ԺԴ. նշեց։

Հաւատքի էութիւնը

Հաւատքի էութիւնն եւ քրիստոնեայ ըլլալու կարեւորութիւնը ընկալելը, այս ուղղութեամբ ակնարկելով Նիկիոյ Ժողովի հաւատոյ դաւանանք, ուր Եկեղեցին գտաւ իր միութիւնը։ Նիկիան ըսաւ Ան այսօր եւս մեզ կը հրաւիրէ խորհելու թէ ո՞վ է Քրիստոս մեզի համար ու ի՜նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալը։ Այս ուղղութեամբ հաւատքի դաւանանքը կը դառնայ զատորոշումի չափանիշ, ուղեցոյց ու կիզակէտ` որուն շուրջը պէտք է դառնայ մեր հաւատքն ու մեր գործը։

Շնորհակալութիւն բարեգործական հաստատութիւններուն

Հաւատք ու գործի կապին մատնանշելով Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային կազմակերպութիւններուն ու մասնաւորապէս Քարիթասին ու Քիրքէ ին Նոթ կազմակերպութեան, Եկեղեցւոյ բարեգործական գործերուն թիկունք կանգնելու համար ու 2023-ի երկրաշարժի զոհերուն օգնութիւն մատուցելու համար։

Վերագտնել Հօր Աստուծոյ դիմագիծը Քրիստոսի մէջ

Քրիստոսի մէջ Հօր Աստուծոյ դիմագիծը վերագտնելը` եղաւ Քահանայապետին ներկայացուցած երկրորդ մարտահրաւէրը որուն ուղղութեամբ անգամ մը եւս յղում կատարեց Նիկիոյ Ժողովի հաւատոյ դաւանանքին զգուշացնելով Յիսուսը դիտելու որպէս լոկ պատմական անձնաւորութիւն մը, առանց անոր մէջ ճանչնալու Աստուածութիւնը։ «Նիկիան մեզի կը յիշեցն`է թէ Յիսուս Քրիստոս անցեալի անձնաւորութիւն մը չէ, անիկա Աստուծոյ Որդին է, որ կ՛առաջնորդէ պատմութիւնը դէպի այն ապագան զոր Աստուած մեզի խոստացաւ» յարեց Սրբազան Պապը։

Հաւատքի էութիւնը եւ Վարդապետութիւնը 

Ի վերջոյ երրորդ մարտահրաւէրը` միջնորդութիւնն է ընդմէջ վարդապետութեան զարգացումին եւ հաւատքի էութեան, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս որոշ վարդապետական իրականութիւնները զարգացան դարերու հոլովոյթին եւ ասկէ մեկնելով կարեւոր նկատեց քրիստոնեայ հաւատքի միջնորդութիւնը մեր ապրած դասակարգերու եւ ոճերու հետ այնպէս ինչպէս ըրին Նիկիոյ ու միւս Ժողովներուն հայրերը։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Յովհաննէս ԻԳ Պապին տիպարը որ ըսաւ Ան «սիրեց եւ ծառայեց այս ժողովուրդին» եւ յիշելէ ետք անոր խօսքերը մաղթեց` որ բոլոր ներկաները ունենան երջանկայիշատակ քահանայապետի նոյն գորովը, պահպանեն հաւատքի ուրախութիւնը, եւ աշխատին ձկնորսներու նման Տիրոջ նաւուն վրայ։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2025, 08:30