Որոնել

Սրբազան Պապին ճառը Թուրքիոյ իշնախութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն

Լեւոն ԺԴ. ճամբորդութեան առաջին հանդիսացող ճառին մէջ ընդգծեց եղբայրութեան եւ տարբերութիւններուն յարգանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ վեր առաւ ընտանիքի եւ մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան արժէքը, մաղթելով որ Թուրքիան կարողանայ դառնալ կայունութեան եւ խաղաղութեան գործօն եւ հաստատելով Սուրբ Աթոռին կամքը համագործակցելու բոլոր Ազգերուն հետ կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Թուրիքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցաւ  քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն սկիզբը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ընդգծելով Թուրքիոյ յատուկ դերը` որպէս կամուրջ ընդմէջ Արևելքի և Արևմուտքի, Ասիայի և Եւրոպայի։

Պաշտպանել Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը

«Սրտանց շնորհակալ եմ Ձեր ջերմ ընդունելութեան համար։ Ես ուրախ եմ, որ իմ Քահանայապետութեան առաքելական ճամբորդութիւններս կը սկսիմ  Ձեր երկրէն, քանի որ այս երկիրը անբաժանելիօրէն կապուած է քրիստոնէութեան ակունքներուն  և այսօր Աբրահամի զաւակներն ու ողջ մարդկութիւնը կը կոչէ մի եղբայրութեան, որ կը ճանչնայ և կը  գնահատէ տարբերութիւնները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով պատգամին ապա ակնարկեց Երկրին բնական գեղեցկութեան, որ մեզ «կը խրախուսէ պաշտպանելու Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը»։

Մեծ անցեալով ժողովուրդ մը ըլլալը կը ներկայացնէ ըլլայ պարգեւ, ըլլայ պատասխանատուութիւն

«Բնական վայրերու մշակութային, գեղարուեստական ​​և հոգևոր հարստութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեծ քաղաքակրթութիւնները կը ձևաւորուին սերունդներու, աւանդոյթներու և տարբեր գաղափարներու հանդիպման արդիւնքով, ուր զարգացումն ու իմաստութիւնը կը միահիւսուին միութեան մէջ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով դարաւոր հակամարտութիւններուն ու այսօրեայ աշխարհի մէջ առկայ անկայունութեան` «ուր ոտնակոխ կ՛ըլլան խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը» ըսաւ Ան, նշելով` որ «մեծ անցեալով ժողովուրդ մը ըլլալը կը ներկայացնէ ըլլայ պարգեւ, ըլլայ պատասխանատուութիւն»։

Կամուրջներու կարեւրութիւնը

Ան ապա ակնարկեց ճամբորդութեան նշանաբանին համար ընտրուած «Պոսֆորի կամուրջին» ու անոր միացնելու յատուկ դերին։ «Նախ քան Ասիան եւ Եւրոպան, Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելը, այդ կամուրջը Թուրքիան կը կապէ ինքն իրեն, ներքնապէս ստեղծելով զգայնութեան խաչմերուկ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց, թէ «ընկերութիւն մը կենդանի է այն ժամանակ երբ բազմազան է», դիտել տալով, որ այսօրուայ մարդկային հասարակութիւնները միշտ աւելիով  բեւեռացած են ու բաժնուած  ծայրայեղական դիրքորոշումներու պատճառաւ, որոնք զանոնք կը քայքայեն։

Քրիստոնեաներուն դերը

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը նշեց` թէ «քրիստոնեաները եւս կ՛ուզեն դրական կերպով սատարել Երկրին միութեան», յիշելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետն ու անոր խօսքերը, որ գրեթէ տասը տարի` 1935էն 1945 ծառայած էր Թուրքիոյ մէջ, որպէս Իսթանպուլի Լատին Փոխանորդութեան  Կառավարիչ և Առաքելական Պատուիրակ եւ որ այնպէս աշխատեցաւ, որ կաթողիկէները դուրս չմնային նոր հանրապետութեան կառուցման գործէն։

Լեւոն ԺԴ. յղում կատարեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի «անտարբերութեան համաշխարհայնացում» եզրին, ինք եւս հրաւէր ուղղելով անսալու միւսի ցաւին, ու մտիկ ընելու աղքատին ու երկրի աղաղակին։ 

Արդարութեան եւ ողորմութեան կարեւորութիւնը

Ընդգծելով հուսկ արդարութեան եւ ողորմութեան կարեւորութիւնը, Սրբազան Պապը ի միջի այլոց նշեց` որ «Թուրքիոյ նման ընկերութիւն մը, ուր կրօնը ունի կեդրոնական տեսանելի դեր մը, հիմնական է յարգել արժանապատւութիւնը եւ բոլոր Աստուծոյ զաւակներու ազատութիւնը»։

«Բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, և այս մէկը ունի անձնական, սոցիալական և քաղաքական հետևանքներ», ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց «անոնց, որոնց սրտերը հնազանդ են Աստուծոյ կամքին, միշտ կը խթանեն ընդհանուր բարիքը և բոլորի նկատմամբ յարգանքը», ապա զգուշացուց այսօր տարածուած արհեստական բանականութեան ու այլ արհեստագիտութիւններու յառաջացուցած վտանգներէն, որոնք կարող են աւելիով սրացնել անարդարութիւնները։  

Միասին աշխատիլ փոխելու համար զարգացման ընթացքը

«Հետևաբար, եկէք միասին աշխատիք՝ փոխելու համար զարգացման ընթացքը և վերականգնելու մարդկային ընտանիքի միասնութեան արդեն հասցուած վնասը» եղան Սրբազան Պապին խրախուսական խօսքերը, որմէ մեկնելով շեշտը դրաւ ընտանիքի կեդրոնականութեան ու մարդու արժանապատւութեան պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ։ 

Ընտանիքի եւ կիներու դերակատարութիւնը

«Ընտանիքի  շրջանակէն ներս, ըստ էութեան, կը զարգանան քաղաքացիական համակեցութեան և ընդհանուր բարիքի նկատմամբ առաջին, հիմնարար զգայունութեան էական վերաբերմունքները» ըսաւ  Սրբազան Պապը քննադատեց հուսկ  սպառողական տրամաբանութիւնը, որ առանձնութիւնը կը վերածէ շահոյթի, և մեզ կը հրաւիրէ վերագտնելու մշակոյթ մը, որ կը գնահատէ կապուածութիւնն ու կապերը, որոնք անհրաժեշտ են անձնական ինքնութեան ձևաւորման: Ան ապա կարեւորեց կիներուն դերը, որոնք գործունեայ կերպով կը սատարեն երկրի մասնագիտական, մշակութային և քաղաքական կեանքին:  «Ուստի, ըսաւ Ան, մեծապէս գնահատելի են ընտանիքի եւ կիներու ի սպաս ձեռնարկները»։  

Կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը

Պատգամի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց իր նախորդներու այցելութիւններուն ու Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ ունեցած բարի յարաբերութիւններուն ինչպէս նաեւ անոր  աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու կամքին։

«Այս ճանապարհորդութեան առիթը եւ Նիկիոյ  ժողովի 1700-ամեակը, մեզի կը խօսին հանդիպման և երկխօսութեան մասին» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ անձնաւորութիւններու, որոնք կը խթանեն երկխօսութիւնը ու զայն ի գործ կը դնեն «անսասան կամքով և համբերատարութեամբ»։

Միջոցները օգտագործել ի նպաստ խաղաղութեան ու մարդկային բարօրութեան

«Երկու համաշխարհային պատերազմներու ողբերգութիւններէն ետքը խոշոր միջազգային կազմակերպութիւններու կառուցման դարաշրջանէն յետոյ, մենք կ՛ ապրինք խտացուած ընդհանուր հակամարտութեան շրջան մը, ուր կը գերակշռեն տնտեսական և ռազմական ուժի ռազմավարութիւնները, որոնք  կը սնուցեն այն, ինչ` որ Ֆրանչիսկոս Պապը անուանած է «մասնակի երրորդ համաշխարհային պատերազմ»։ Մենք պէտք չէ զիջինք այս միտումին։ Մարդկութեան ապագան ասկէ կախուած է» յարեց հուսկ Քահանայապետը հաստատելով որ այդ պատերազմներուն ու հակամարտութիւններուն համար օգտագործուած  միջոցները կը խլուին իրական մարտահրաւէրներու ի սպաս միջոցներէն, զոր մարդկային ընտանիքը պէտք է այսօր միասին դիմակայէ. խաղաղութիւն, պայքար սովի և աղքատութեան դէմ, առողջապահութիւն և կրթութիւն, ինչպէս նաև արարչագործութեան պաշտպանութիւն»

«Սուրբ Աթոռը, իր միակ ուժով, որ հոգևոր և բարոյական է, կը ցանկանայ համագործակցիլ բոլոր այն ազգերու հետ, որոնք հոգ կը տանին իւրաքանչիւր մարդու և կնոջ համապարփակ զարգացումին։ Եկէք ուրեմն միասին քալենք ճշմարտութեամբ և բարեկամութեամբ՝ խոնարհաբար վստահելով Աստուծոյ օգնութեան» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2025, 14:41