Երանի խաղարարներուն. Լեւոն ԺԴ. ժամանեց Լիբանան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Երանի խաղարարներուն» այս է Լեւոն ԺԴ. Պապի Լիբանանի ճամբորդութեան կարգախօսը, որ քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն, եւ կը պարունակէ այցելութեան կեդրոնական պատգամը` «մխիթարել լիբանանցի ժողովուրդը՝ խրախուսելով երկխօսութիւնը, հաշտեցումը և ներդաշնակութիւնը բոլոր համայնքներու միջև»։
Նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Սրբազան Պապը, որ իր աջ ձեռքը բարձրացուցած է օրհնելու համար, որուն մօտ կայ աղաւնի մը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը եւ մայրի մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը, անոր հարուստ պատմութեամբ, հաւատքով եւ միջկրօնական ներդաշնակութեամբ։
Նշանաբանին աջ կողմը զետեղուած է 2025 թուականի Յոբելեանի խաչ-խարիսխը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի վրայ ամուր հիմնուած յոյսը: Մուգ կապոյտը և բաց վարդագոյնը, կանաչը և բաց կապոյտը կ՛ արտայայտեն հանգստութիւն, միացած սպիտակի հետ, որ կ՛ արտացոլայ Լիբանանի խաղաղութեան կարօտը:
Ահա այս խորհրդանշական պատկերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը աւարտելէ ետք Թուրքիա կատարած միջազգային առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը ժամանեց Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան, ուր անոր ժամանումին, համայն լիբանանի Եկեղեցիներուն զանգակները, սկսան ղօղանջել, աւետելու եւ բարի գալուստ մաղթելու` Յոյսի եւ Խաղաղութեան պատգամաւորին։
Սրբազան Պապն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը գրեթէ 2 ժամ տեւած թռիչքէ մը ետք վայրէջք կատարեց ժամը 15,45-ի ժամանակները եւ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ` Ժոզէֆ Աունի, Ազգային ժողովի նախագահ Նապիհ Պըրրիի, եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ անոնց կողակցիներուն կողմէ ի ներկայութեան Պատրիարք Ռայիին եւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միւս Պատրիարքներուն ի շարս որոնց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.։
Օդանաւի ոտքին աւանդական տարազներով երկու մանուկներ Սրբազան Պապին հրամցուցին ծաղիկներ, հաց եւ ջուր, որպէս հիւրընկալութեան եւ բարի գալուստի խորհրդանիշ ապա հնչեցին երկու երկիներուն քայլերգները, տեղի ունեցաւ դրօշներու յարգանքի տուրքը, Պատուոյ Պահակախումբի ողջոյնը ու թնդանօթային 21 կրակոց որմէ ետքը տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացումը։
Յայտնենք որ Լիանանի Նախագահական Պալատը, կառուցուած է է 1956 թուականին մայրաքաղաքին նայող բլուրի մը վրայ, Պաապտա անուամբ շրջանին մէջ ու շրջապատուած է Պաշտպանութեան նախարարութեամբ և մի քանի ռազմական կէտերով: Այդ Պալատին մէջ առաջին բնակութիւն հաստատող առաջին նախագահը եղած է Շարլ Ըլ Հլուն։
Օդակայանին մէջ կայացած հակիրճ առանձնական հանդիպումէ մը ետք ընդմէջ Սրբազան Պապին, Նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին ու Վարչապետին պատուիրակութիւնները ուղղուեցան Նախագահական Պալատ ուր Լեւոն ԺԴ. քաղաքավարական այց մը տուաւ Նախագահ Աունին ապա առանձնապէս հանդիպեցաւ ըլլայ Խորհրդարանի Նախագահին ըլլայ Երկրի Վարչապետին հետ, ծանօթանալով նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Սոյն հանդիպումներէն ետքը Նորին Սրբութիւնը` Նախագահ Աունի եւ անոր կողակիցին հետ միասին ուղղուեցաւ Պալատի այգի ուր տեղի ունեցած «բարեկամութեան մայրի»ի ծառատունկը ի ներկայութեան Պետքարտուղարի, և Անտիոքի մարոնիթ պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Ռայիին։
Ծառատունկի աւարտին եւ նախքան «25 մայիսի դահլիճ» փոխադրուիլը, Քահանայապետը ստորագրեց Պալատի Ոսկեմատեանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
