Preparations for Pope Leo XIV visiting Beirut

Խաղաղութեան եւ յոյսի ձայն մը` Միջին Արեւելքի մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապին ճամբորդութիւնը Թուրքիա եւ Լիբանան

Երեքշաբթի` 25 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց յառաջիկայ օրերուն` 27 նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2 դեկտեմբեր տեւող Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։ Համամիութենական բնոյթով ուխտագնացութիւն մը որուն կեդրոնը պիտի ըլլայ Իզնիքի մէջ Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակի նշումը ապա Լիբանանի հանգրուանը` որպէս խաղաղութեան պատգամաբեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բոլոր դաւանանքներու քրիստոնեաներու միջև երկխօսութիւն և միութիւն, մօտիկութիւն դարաւոր պատմութեան ընթացքին յղկուած համայնքներուն, որոնք թիրախ դարձան են հին և նոր ողբերգութիւններու եւ լարուածութիւններու, ապա խաղաղութիւն՝ «Սրբազան Պապին սրտին խօսող» թեմա՝ աշխարհին իր ուղղած առաջին ելոյթէն ի վեր և Քահանայապետութեան այս եօթ ամիսներու ընթացքին։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ 

 Պրունի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց յառաջիկայ օրերուն` 27 նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2 դեկտեմբեր տեւող Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք Քահանայապետութեան առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը, որուն առաջին հանգրուանը յատկանշուած է Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակի նշումով մինչ երկրորդը մղուած է ըլլալու խաղաղութեան պատգամ մը։

Պրունին նշեց` որ այս երկու ճամբորդութիւնները դժուար են բայց կարեւոր» մատնանշելով որ Լեւոն ԺԴ. այս ճամբորդութիւնները ժառանգած է իր նախորդէն Ֆրանչիսկոս Պապէն։

Ան պիտի հանդիսանայ հինգերորդ Քահանայապետը որ պիտի այցելէ Թուրքիան եւ չորրորդը` որ պիտի այցելէ Լիբանանը։ Առաջին Քահանայապետը եղած է Պօղոս Զ. որ Թուրքիան այցելած է 1976-ին իսկ Լիբանանեան հողատարածքը հատած է 1974-ին, այնտեղ դադար առնելով դէպի հնդկաստան տանող ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Ապա Յովհաննէս Պօղոս Բ. որ Թուրքիան այցելած է 1979-ին իսկ Լիբանանը 1997-ին ուր հաստատած էր թէ Լիբանանը երկրէ մը աւելի պատգամ է։ Պենետիկտոս ԺԶ Թուրքիան այցելած է 2006-ին իսկ Լիբանանը 2012-ին որ եղաւ նաեւ անոր Քահանայապետութեան վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը։ Մինչ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը որուն երազն ու փափաքն էր այցելել Լիբանանը չի կարողացաւ այդ մէկը իրականացնել թէեւ 2014-ին այցելեց Թուրքիան։

Համամիութենական բնոյթով այս ճամբորդութիւնը պիտի յատկանշուի Լեւոն ԺԴ. Պապին Իզնիքի մէջ գլխաւորած համամիութենական արարողութեամբ որուն պիտի մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Ան Թուրքիոյ մէջ պիտի ունենայ պաշտօնական հանդիպումներ ըլլայ քաղաքական ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ, սկսեալ Երկրի Նախագահէն։ 

Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Կ. Պոսլոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.-ին հետ անոր հետ միասին ստորագրելով փաստաթուղթ մը ու մասնակցելով Սուրբ Անդրէասի տօնին նուիրուած պատարագին։ Պիտի այցելէ Կապոյտ Մզկիթը ու Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանը, ապա պիտի հանդիպի տեղական կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու վիճակաւորներուն հետ ու կաթողիկէ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագը։ Ան պիտի այցելէ նաեւ քոյր եկեղեցիներ ու պիտի հանդիպի իսլամ ե հրեայ կրօնապետերու հետ։

Լիբանանի ճամբորդութիւնը պիտի ունենայ միջկրօնական ու միջ քրիստոնէական երկխօսութեան բնոյթ մը` ուր Սրբազան Պապը հանդիպումներ պիտի ունենայ Երկրին քաղաքական բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ սկսեալ նախագահէն, ապա պիտի այցելէ Սուրբ Շարպելի Սրբավայրը, պիտի հանդիպի

 տեղական կաթողիկէ պատրիարքներու, առաջնորդներու , կղերական դասին ու հաւատացեալներուն հետ ու նաեւ իսլամ կրօնի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ հանդիպումներուն մաս պիտի կազմէ նաեւ Պքըրքէյի մէջ կայացած երիտասարդներուն հետ շատ սպասուած ու նախատեսուած հանդիպումը։

Սրբազան Պապին այս ճամբորդութեան պիտի ընկերանան, բացի անշուշտ Պետական Քարտուղարութեան պատասխանատուներուն, սկսեալ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինէն, Կարդինալներ Քիւրտ Քոխը` որպէս Քրիստոնեաներու միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ

 Կուճերոթթին` որպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Կարդինալ Ժորժ Քովաքատը որպէս միջ կրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի օգտագործէ Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2025, 15:00