Կարդինալ Քոխ. Լեւոն ԺԴ. Նիկիոյ այցը նշան` համայն քրիստոնեաներու միութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապին Թուրքիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրէին Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրտ Քոխ Վատիկան Նիուզի Գերմանական Խմբագրութեան լրագրող Քրիսթին Սէուսին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց Նիկիոյ առաջին Ժողովի 1700 ամեակի նշման համամիութենական արժէքը, արարողութիւն` զոր Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Իզնիքի մէջ Ուրբաթ 28 նոյեմբերին, քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու մասնակցութեամբ։
Հարցազրոյցի ընթացքին Ծիրանաւորը յիշեց թէ 325 թուականին գումարուած այդ Ժողովը, որ կանխած էր քրիստոնեաներու միջև մեծ պառակտումները, սահմանեց Քրիստոսի աստուածային էութեան հանդէպ ընդհանուր հաւատքը, որ մինչեւ օրս հիմնական է միութեան համար։ Արարողութիւնը առ այդ կ՛ուզէ ըլլալ վկայութիւն մը, թէ նոյնիսկ տարբերութիւններու մէջ քրիստոնեաները կը մնան Մի Քրիստոսի մէջ, համաձայն Սրբազան Պապին ընտրած «In Illo uno unum» կարգախօսին։
Հարցումին թէ ով պիտի մասնակցի այդ համամիութենական արարողութեան Կարդինալ Քոխը նշեց թէ իրենք եւ Կ. Պոլսոյ Եկեղեցին հրաւէր ուղղած են բոլորին, մաղթելով որ մասնակցութիւնը ըլլայ ընդարձակ։
Ան ապա երախտագիտութիւն յայտնեց քրիստոնէութեան կողմէ Ժողովի նկատմամբ վերականգնուած մեծ հետաքրքրութեան և յոբելենական տարուայ ընթացքին կազմակերպուած բազմաթիւ համամիութենական հանդիպումներուն համար։
Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչը անդրադարձ կատարեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանին` Լիբանանին, ուր ըսաւ Ան Քահանայապետը տեղական քրիստոնեայ համայնքին պիտի տանի սփոփանք ու պիտի խթանէ միջ եկեղեցական եւ միջ կրօնական երկխօսութիւնը, որ կարևորագոյն նշանակութիւն ունի քաղաքական և տնտեսական անկայունութեամբ յատկանշուած այդ երկրին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
