Գործազրկութեան հետ կապուած խնդիրներու վերաբերեալ աւելի մեծ իրազեկութիւն պէտք է. Լեւոն ԺԴ.
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Տարբեր հիմնարկական և սոցիալական մարմիններու վերաիմաստաւորուած իրազեկութիւն գործազրկութեան հետ կապուած խնդիրներու վերաբերեալ»։ Այս է Լևոն ԺԴ-ի մաղթանքը պարունակուած պատգամի մը մէջ եւ ուղղուած այսօր՝ 25 նոյեմբերին, Հռոմի Auditorium della Conciliazione-ի մէջ սկիզբ առնող Արուեստագործութեան Դաշնութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն որ տարեկան ձեռնարկ մըն է որուն կը մասնակցին իտալացի արհեստաւորներ և փոքր ընկերութիւններու տէրեր։
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ որ ընթերցուեցաւ վերոնշեալ Ազգային ժողովի բացման արարողութեան ընթացքին, Քահանայապետը կոչ կ՛ընէ հաստատութիւններուն և հասարակութեան աւելի մեծ իրազեկութիւն ցուցաբերելու գործազրկութեան հետ կապուած խնդիրներուն։ Ան կը խրախուսէ աւետարանական արժէքներով ոգեշնչուած զօրակցութեան և արդարութեան մշակոյթի խթանումը:
Սրբազան Պապա հուսկ կը հաւաստացնէ իր աղօթքները և իր օրհնութիւնը կը յղէ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք շարքին գործարար առաջնորդներ, հաստատութիւններու եւ Իտալիոյ Խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաև իտալական տնտեսական և սոցիալական խումբերու անդամներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
