Որոնել

Papa Leone XIV ha ricevuto in Vaticano Robert De Niro

Սրբազան Պապը պիտի հանդիպի շարժապատկերի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ

Ունկնդրութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ 15 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին: Յայտնենք` որ անցեալ 7 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր մօտ ընդունած էր 82 ամեայ դերասան Ռոպերթ Տէ Նիրոն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չիքակոյի մէջ բնակող անոր վաղեմի ընկերները կ՛ըսեն, որ Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրևոսթը միշտ ալ սիրած է ֆիլմեր դիտել: Այս յոբելենական տարուան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մտադիր է խորացնել երկխօսութիւնը շարժապատկերի աշխարհին հետ, մասնաւորապէս դերասաններու և բեմադրողներու հետ՝ ուսումնասիրելով այն հնարաւորութիւնները, որոնք գեղարուեստական ​​ստեղծագործութիւն կ՛ առաջարկեն Եկեղեցւոյ առաքելութեան և մարդկային արժէքներու խթանման:

Լեւոն ԺԴ. յառաջիկայ շաբաթ օր` 15 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս պիտի ընդունի «եօթներորդ արուեստի» ներկայացուցիչները եւ այս հանդիպման ի տես ԱՆ լսատեսողական պատգամով մը պիտի կիսէ իրեն սրտին խօսող մի քանի տիտղոսներ, ինչպիսիք են Ֆրէնք Քափրայի «կեանքը սքանչելի է» (1946), Ռոպերթ Վայզի «Բոլորս միասին գորովով» (1965), Ռոպերթ Ռետֆորտի «Հասարակ մարդիկ» (1980) եւ Ռոպերթօ Պենինյիյի «Կեանքը գեղեցիկ է» (1997) ֆիլմերը։

Հանդիպումը կազմակերպուած է Մշակոյթի եւ կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ համագործակցութեամբ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան եւ Վատիկանի Թանգարաններուն, եւ շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապին ունեցած հանդիպումներուն ինչպէս նաեւ անցեալ փետրուար ամսուայ մէջ կայացած Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի աշխարհի յոբելեանին։

Հանդիպումին պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ դերասաններ եւ բեմադրողներ։ Յայտնենք` որ անցեալ 7 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր մօտ ընդունած էր 82 ամեայ դերասան Ռոպերթ Տէ Նիրոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2025, 08:00