Որոնել

Հնչեցնել մէկ ու միակ լեզուն` Յոյսի լեզուն. Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբանանի իշխանութիւններուն ուղղած ճառը

Քահանայապետը հանդիպեցաւ Լիբանանի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն և դիւանագիտական ​​մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի ճամբորդութեան առաջինը։ Ան խրախուսեց զանոնք ըլլալու խաղարարներ ու գործելու հասարակաց բարօրութեան ի սպաս, յիշեցնելով անոնց պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 30 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Լիբանանի նախագահական Պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն և դիւանագիտական ​​մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի ճամբորդութեան առաջինը։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Արամ Ա վեհափառ հայրապետը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Երանի խաղարարներուն

« Երանի խաղարարներուն», այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկսաւ իր պատգամը, ուրախութիւն արտայայտելով հանդիպումին համար եւ «այցելելու այս հողը, ուր «խաղաղութիւնը» աւելի է քան բառ մըն է» ըսաւ Ան հաստատելով.  «Այստեղ անիկայ իղձ ու կոչում է, պարգեւ եւ միշտ բաց շինհրապարակ»։ Քահանայապետը կրկնեց Յիսուսին խօսքերը` «Երանի խաղարարներուն», ընդգծելով ներկաներուն պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնը, գործելու ի նպաստ խաղաղութեան եւ ասկէ մեկնելով անոնց հետ կիսեց մի քանի գաղափարներ` բացատրելու համար թէ ի ՞նչ կը նշանակէ խաղարար ըլլալը` բարդ, լարուած եւ անկայուն վիճակներու մէջ։

Դիմացկութիւնը իսկական խաղարարներու էական բնութագիր

Ակնարկելով Լիբանանի ժողովուրդի վեհանձնութեան ու անոր փորձանքները դիմակայելու քաջութեան, Նորին Սրբութիւնը  հաստատեց, թէ այդ «դիմացկունութիւնը իսկական խաղաղարարներու էական բնութագիրն է», նշելով թէ «խաղաղութեան գործը, ըստ էութեան, անընդհատ նոր սկիզբ է»։

«Խաղաղութեան նկատմամբ յանձնառումն ու սէրը վախ չեն ճանչնար, թուացեալ պարտութիւններու առջեւ. ան չի յաղթահարուիր հիասթափութիւններով, այլ ունակ է նայելու հեռու՝ յոյսով ողջունելով և ընդունելով բոլոր իրականութիւնները։ Խաղաղութիւն կառուցելու համար վճռակամութիւն պէտք է», ըսաւ ի միջի աղլոց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով ներկաները հարցաքննելու իրենց պատմութիւնը։

Յոյսի լեզուն

«Հարց տուէք ուղտերէն կու գայ այն հզօր շարժիչ ուժը, որ ձեր ժողովուրդը երբեք անյոյս վիճակի մէջ չի թողուց» յարեց Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Լիբանանի բազմատեսակ հասարակութեան, որ ըսաւ Ան «միացած է միակ լեզուի մէջ... որ յոյսի լեզուն է, որ ձեզի թոյլ տուաւ միշտ ալ վերսկսիլ»։

«Դուք մեծապէս տառապեցաք կործանարար տնտեսութեան մը հետևանքներուն պատճառաւ (հմմտ. Evangelii Gaudium, 53 առաքելական յորդորագիր), համաշխարհային անկայունութեան, որ նաև աւերիչ հետևանքներ ունի Միջին Արեւելքի վրայ, ինքնութիւններու և հակամարտութիւններու արմատականացումի պատճառաւ, բայց միշտ ալ ցանկացաք և կարողացաք սկսիլ նորէն», եղան Քահանայապետի խրախուսական խօսքերը, որոնցմէ ետք «Լիբանանեան հասարակութիւնը` որակեց կենսունակ, հարուստ երիտասարդներով, որոնք ունակ են ձևաւորելու ամբողջ երկրի երազանքներն ու ձգտումները»։

Հնչեցնել մէկ ու միակ լեզուն` Յոյսի լեզուն

«Ձեզ կը հրաւիրեմ չի բաժնուելու ձեր ժողովուրդէն ու դուք ձեզ դնելու անոր ծառայութեան տակ յանձնառումով եւ նուիրումով» յորդորեց Սրբազան Պապը, խրախուսելով զանոնք հնչեցնելու մէկ ու միակ լեզու մը` Յոյսի լեզուն։

Արտասահմանի Լիբանանցիներուն ներդրումը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա արտասահման բնակող միլիոնաւոր լիբանանցիներուն, որոնք կը սիրեն իրենց հայրենիքը եւ կ՛աղօթեն անոր համար եւ թիկունք կը կանգնին անոր իրենց հմտութիւններով եւ կարողութիւններով։

Խօսելով` ապա խաղարարներու երկրորդ յատկութեան մասին Քահանայապետը նշեց` թէ անոնք ոչ միայն գիտեն վերսկսիլ այլ այս մէկը կ՛ընեն հաշտութեան դժուար ճանապարհի միջոցաւ։

Հաշտութեան ճանապարհը

«Կան արդարեւ անձնական ու հասարակական վէրքեր, որոնց բուժումը կը պահանջէ երկար տարիներ» եւ «եթէ անոնք չի խնամուին, կարելի չէ աշխատիլ յիշողութեան բուժուին վրայ» եւ «դժուար պիտի ըլլայ հասնիլ խաղաղութեան»։ Ամենայնդէպս ճշմարտութիւնն ու հաշտութիւնը իրար հետ կ՛աճին, ըլլայ ընտանիքին մէջ, ըլլայ տարբեր հասարակութիւններու միջեւ ու Երկրի մը տարբեր հոգիներու միջև, եւ ազգերու միջև», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «չկայ մնայուն հաշտութիւն առանց միասնական նպատակի մը` ուր բարին կը գերակշռէ գործուած չարին վրայ», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով հասարակաց բարիքին ծառայելու կարեւորութիւնը։

Մնալ հակառակ ամէն բանի

«Երբեմն մենք կը մտածենք, որ որևէ քայլ առնելէն առաջ պէտք է ամէն ինչ պարզաբանենք, ամէն ինչ լուծենք։ Փոխարէնը, փոխադարձ երկխօսութիւնը, նոյնիսկ թիւրիմացութիւններու մէջ, հաշտեցումին ուղին է», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ խօսեցաւ խաղարարներու երրորդ յատկութեան մասին այն է` թէ անոնք կը յանդգնին մնալ նաեւ զոհողութիւններու գինով։

«Կան ժամանակներ երբ աւելի դիւրին է փախուստ տալ կամ աւելի պարզօրէն երթալ այլուր» եւ «քաջութիւն ու հեռատեսութիւն կը պահանջէ սեփական երկրին մէջ մնալը կամ վերադառնալը, բաւականին դժուար պայմանները համարելով սիրոյ և նուիրումի արժանի», յարեց հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով բազմաթիւ այն պատճառներուն, որոնք մարդիկը կը ստիպեն հեռանալու իրենց հայրենիքէն։

Գաղթականներու նկատմամբ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը

Ան ապա արտայայտեց Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը գաղթականութեան հարցին նկատմամբ, նշելով` որ «Եկեղեցին կ՛ուզէ, որ ոչ մէկը ստիպուած ըլլայ մեկնելու ու բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին կարողանան դառնալ» եւ ասկէ մեկնելով Ան ակնարկեց երիտասարդներուն, հարցեր տալով, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի անոնք ստիպուած չըլլան մեկնելու, կամ զանոնք խրախուսել` որպէսզի խաղաղութիւնը այլուր չի փնտռեն եւ դերակատարներ դառնան իրենց երկրին մէջ։

Կիներուն եւ երիտասարդներուն դերը

Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ` Լիբանանեան ընկերութեան կրօնական եւ քաղաքացիական բոլոր բաղադրիչներու հետ միասին կանչուած են իրենց պարտականութիւնը կատարելու եւ յանձնառու ըլլալու միջազգային հանրութեան շրջանակէն ներս այս հարցի վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացումին ի սպաս։

Ան ապա շեշտեց կանանց հիմնարար կարևորութիւնը խաղաղութեան կառուցման և պահպանման գործին մէջ։

Չի մոռնանք, ըսաւ Ան, որ կիներուն մասնակցութիւնը քաղաքական եւ ընկերային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ սեփական կրօնական հասարակութիւններէն ներս, նման երիտասարդներէն եկած ներուժին, համայն աշխարհին մէջ կը ներկայացնէ իսկական նորոգումի գործօն մը։

«Երանի ուրեմն խաղաղութեան գործիչներուն ու երանի երիտասարդներուն, որոնք կը մնան կամ կը վերադառնան, որպէսզի Լիբանանը ըլլայ տակաւին կեանքով լի Երկիր մը» ըսաւ Քահանայապետը։

Երաժշտութիւնը սիրող ժողովուրդ

Ան ապա ակնարկեց Լիբանանի ժողովուրդի այլ մէկ յատկութեան, այն է երաժշտութիւն սիրող ժողովուրդ ըլլալը, որ տօնական օրերուն կը դառնայ պար` ուրախութեան եւ հաղորդութեան լեզու։ Այս մէկը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու համար, որ խաղաղութիւնը միայն մարդկային յանձնառում մը չէ այլ պարգեւ` որ կու գայ Աստուծմէ եւ կը բնակի մեր սրտերուն մէջ եւ կը տարածուի ուրիշներու վրայ՝ ինչպէս ներդաշնակ շարժում մը, յարեց ի միջի այլոց Ան ապա հայցեց, որ «Աստուծմէ ծնած խաղաղութեան այս ցանկութիւնը աճի իրենց մէջ և կարողանայ փոխակերպել, նոյնիսկ այսօր, միւսներուն նայելու և միասին ապրելու ձևը այս Երկրի վրայ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութիւններուն իրեն վերապահած ընդունելութեան համար և անոնց վստահեցուց իր և Եկեղեցւոյ աղօթքները` հասարակաց բարիքի ի սպաս անոնց ծառայութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2025, 17:20