Որոնել

Սուրբ Անսելմոյի Եկեղեցին Սուրբ Անսելմոյի Եկեղեցին 

Լեւոն ԺԴ. կը նախագահէ Սուրբ Անսելմոս Եկեղեցւոյ օծման 125 ամեակի պատարագը

Եկեղեցին կառուցուած է տասնիններորդ դարու աւարտին ` 1892 եւ 1896, Վատիկանի կողմէ քնուած հողատարածքի մը վրայ, ապա 1888 թուականին Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը Պենետիկտեան Միաբանութեան անդամ Քաթանիա Քաղաքի Արքեպիսկոպոս` Ճուզեփփէ Պենետեթթօ Տուզմէյին կը յանձնէ այնտեղ վերաբանալու Սուրբ Անսելմոյի հին վարժարանը, ուր նաեւ կը կառուցի Սուրբին նուիրուած Եկեղեցին, որուն օծումը կը կատարուի 11 նոյեմբեր 1900 թուականին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 11 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը հինգին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը կը գլխաւորէ Պենետիկտեան Հայրերուն յանձնուած Հռոմի Ավենթինօ շրջանի Սուրբ Անսելմոս Եկեղեցւոյ օծման 125 ամեակի պատարագը։

Եկեղեցին կառուցուած է տասնիններորդ դարու աւարտին ` 1892 եւ 1896, Վատիկանի կողմէ քնուած հողատարածքի մը վրայ, ապա 1888 թուականին Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը Պենետիկտեան Միաբանութեան անդամ Քաթանիա Քաղաքի Արքեպիսկոպոս` Ճուզեփփէ Պենետեթթօ Տուզմէյին կը յանձնէ այնտեղ վերաբանալու Սուրբ Անսելմոսի հին վարժարանը, ուր նաեւ կը կառուցի Սուրբին նուիրուած Եկեղեցին, որուն օծումը կը կատարուի 11 նոյեմբեր 1900 թուականին։

Եկեղեցին կառուցուած է հռոմէական երբեմնի «տոմուս»ի աւերակներու վրայ, որոնք տեսանելի են եկեղեցւոյ նկուղներէն ներս, եւ Եկեղեցւոյ քովնտի աբբայարանին մէջ պահպանուած է Օրփեոսի առասպելը պատկերող խճանկարը որ վերցուած է ճիշտ այդ «տոմուս»էն։

Եկեղեցին յայտնի է, յատկապէս հռոմէական շրջանակէն ներս, կիրակնօրեայ պատարագներու ժամանակ վանականներու կողմից մատուցուող «Գրիգորեան» երգեցողութեան կատարումներով։ Իսկ 1962 թուականէն ի վեր ան եղած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետերու գլխաւորած ապաշխարութեան թափօրի մեկնարկային կէտը, Մոխրոց չորեքշաբթի օրուան առիթով, որ կ՛ աւարտի Սանթա Սապինայի տաճարին մէջ ուր կը մատուցի եծ Պահքի առաջին պատարագը։

Սուրբ Անսելմոյի Քահանայապետական Համալսարանը եւ Քահանայապետական ծիսագիտութեան կաճարը կը գտնուին եկեղեցւոյ կողքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2025, 12:51