Որոնել

Քրիստոսով կառուցուած կենդանի Եկեղեցւոյ տօնակատարութիւն. Լևոն ԺԴ-ի քարոզը Լատերանի տաճարի օծման արարողութեան առիթով

Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը մատուցելով Քահանայապետը հաւատացեալները հրաւիրեց վերագտնելու այս տօնի հոգևոր նշանակութիւնը, որ ոչ միայն պատմական յիշողութիւն է, այլեւ Քրիստոսով կառուցուած կենդանի Եկեղեցւոյ տօնակատարութիւն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 9 նոյեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Հռոմի եպիսկոպոսի աթոռանիստս Սուրբ Յովհաննէս Լատերանի տաճարին մէջ նախագահեց Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը եւ այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց վերագտնելու այս տօնի հոգևոր նշանակութիւնը, որ ոչ միայն պատմական յիշողութիւն է, այլեւ Քրիստոսով կառուցուած կենդանի Եկեղեցւոյ տօնակատարութիւն:

Լատերանեան տաճարի օծման հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը
Լատերանեան տաճարի օծման հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը   (@VATICAN MEDIA)

Սրբազան Արարողութեան մասնակցեցան 2600հաւատացեալներ, 160-ի մօտ Քահանաներ, տասնմէկ եպիսկոպոս եւ Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա։

Քարոզին սկիբզը Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց տաճարի պատմութեան, նշելով` թէ ան «կառուցուած է 4-րդ դարուն Սիլվեսթըր Ա. Քահանայապետի կողմէ» մինչ «շինարարութիւնը իրականացուած է Կոստանդիանոս կայսեր հրամանով, 313 թուականին քրիստոնեաներուն իրենց հաւատքը դաւանելու եւ պաշտամունքը կատարելու ազատութիւն տալէն ետքը»։

Յայտնենք` որ Տաճարը սկզբնական շրջանին նուիրուած էր Ամենասուրբ Փրկչին, ապա 9-րդ դարուն Սերճօ Գ. Քահանայապետը զայն նուիրեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ վերջապէս, 12-րդ դարուն Լուչօ Բ. պապը ներառեց նաև Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը։

Արդարեւ անոր ամբողջական անուանումն է Լատերանի մէջ Ամենասուրբ Փրկչի և Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ու Աւետարանիչի պապական աւագ պազիլիքա։ Ան կը կրէ նաեւ «Omnium Urbis et Orbis Ecclesiarum Mater et Caput» անուանումը, կամ «Քաղաքի և աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու մայրը և գլուխը»։

Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը
Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը   (@Vatican Media)

Քրիստոսի ժայռի վրայ ամուր հիմքեր

Խօսելով տաճարի հիմքերու մասին Սրբազան Պապը տաճարի կառուցումը համեմատեց Եկեղեցւոյ կեանքին հետ. ինչպէս կայուն շէնքը կը պահանջէ խոր հիմքեր, այնպէս ալ քրիստոնէական համայնքը պէտք է հիմնուած ըլլայ Քրիստոսի՝ «միակ անկիւնաքարի» վրայ, նշեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց հաւատացեալները «Աստուծոյ արքայութեան ծառայութեան մէջ ամբողջ սրտով աշխատելով՝ չշտապեն և մակերեսային չըլլան» այլ «խորը փորեն՝ ազատ ըլլալով աշխարհի չափանիշներէն, որոնք չափազանց յաճախ կը պահանջեն անյապաղ արդիւնքներ, քանի որ չեն գիտեր սպասելու իմաստութիւնը»։

«Եկեղեցւոյ հազարամայր պատմութիւնը մեզի կը սովորեցնէ, որ միայն խոնարհութեամբ և համբերութեամբ կարող ենք կառուցել Աստուծոյ օգնութեամբ հաւատքի իսկական համայնք, որ կարող է տարածել բարեգործութիւն, խրախուսել առաքելութիւնը, հռչակել, տօնել և ծառայել այն առաքելական Վարդապետութեան, որուն այս տաճարը առաջին նստավայրն է (հմմտ. Սուրբ Պօղոս Զ, Հրեշտակ Տեառն աղօթք, 9 նոյեմբեր, 1969):

Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը
Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը   (@Vatican Media)

Դարձը` որպէս Յիսուսին հետ հանդիպումը

Քահանայապետը մեկնաբանեց ապա օրուան Աւետարանական հատուածը, որ կը խօսէր Զակքէոսի Յիսուսի հետ հանդիպումի մասին, որմէ մեկնելով Ան նշեց` թէ Քրիստոսին հետ իւրաքանչիւր հանդիպում կը փոխակերպէ կեանքը։

«Յիսուս մեզ կը փոխէ,- ըսաւ Լեւոն ԺԴ.,- և կոչ կ՛ընէ մեզի աշխատելու Աստուծոյ մեծ շինահրապարակին մէջ, հրաւիրելով մեզի Եկեղեցին դիտարկել որպէս կենդանի և համատեղ աշխատանքի վայր, ուր բոլորը կոչուած են ներդնելու իրենց սեփական պարգևները»։

Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը
Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը   (@Vatican Media)

Եկեղեցին որպէս Հաղորդութեան շինարարութեան հրապարակ

Սրբազան Պապը հուսկ «շինհրապարակի» պատկերը օգտագործեց՝ նկարագրելու եկեղեցական ճանապարհը, մասնաւորապէս՝ Հռոմի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը:

«Այս վեհաշուք շէնքի պատմութիւնը բաւականին շատ կարևոր պահեր, դադարներ և իրականացուող նախագիծերու ճշգրտումներ ունեցաւ։ Այնուամենայնիւ, մեզմէ առաջ ապրողներու համառութեան շնորհիւ մենք կարող ենք հավաքուիլ այս հրաշալի վայրին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապ մատնանշելով որ «Հռոմի մէջ մեծ բարիք կ՛աճի» եւ հրաւիրելով «թոյլ չտալ, որ յոգնութիւնը խանգարէ այդ բարիքը ճանաչելու ու զայն տօնախմբելու համար, սնուցելու եւ նորոգելու մեր սլացքը»։

Միւս կողմէ, ապրուած բարեգործութիւնը նաև կը ձևաւորէ մեր դէմքը որպէս Եկեղեցի, որպէսզի բոլորի համար աւելի ու աւելի յստակ երևայ, որ անիկայ «մայր» է, «բոլոր եկեղեցիներու մայրը» կամ նոյնիսկ «մամա», ինչպէս ըսաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը՝ խօսելով երեխաներու հետ ճիշտ այս տօնի ժամանակ (9 նոյեմբերի 1986թ.):

Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ
Լատերանեան տաճարի օծման տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ   (@Vatican Media)

Ծէսը՝ որպէս Եկեղեցւոյ բաբախող սիրտը

Քարոզի վերջին մասին մէջ Լևոն ԺԴ-ը ընդգծեց ծէսին կարևորութիւնը Մայր տաճարի առաքելութեան մէջ. «Անիկայ այն գագաթնակէտն է, որուն կը ձգտին Եկեղեցւոյ գործողութիւնները և այն աղբիւրը, որտեղէն կը հոսի ողջ շարժիչ ուժը» յարեց ի մի այլոց Սրբազան Պապը կոչ ընելով պահպանելու հռոմէական աւանդոյթի պարզ և հանդիսաւոր գեղեցկութիւնը, որպէսզի իր ծէսերուն միջոցաւ «Եկեղեցին կարողանայ արտայայտել այն սէրը, որ կեանք է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին։

Ան ապա քարոզը եզրափակեց մաղթելով` որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, որ կը կը մօտենայ Հռոմի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Խորանին կարողանայ «վերամեկնիլ լի այն շնորհքով, որով Տէրը կ՜ուզէ ողողել երկիրը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2025, 10:12