Որոնել

Երգչախումբերը՝ միասնական եկեղեցւոյ նշան, որոնք ներդաշնակ կը դարձնեն բազմազան ձայները մէկ փառաբանութեան մէջ

Քրիստոս Թագաւորի տօնի և երգչախմբերուն նուիրուած Յոբելեանի առիթով մատուցած պատարագի ժամանակ իր արտասանած քարոզին մէջ Լևոն ԺԴ-ը գովաբանեց երաժշտութեան արժէքը, որ կարող է արտայայտել այնպիսի զգացմունքներ, զոր բառերը միշտ ալ չեն կարող արտայայտել: Ան կոչ ըրաւ երգիչներուն չզիջելու«ցուցամոլութեան գայթակղութեան՝ հրաւիրելով զանոնք իրենք զիրենք դնել որպէս հասարակութեան «մաս», եւ ոչ թէ «անոր առջեւ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 23 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնի եւ երգչախումբերու Յոբելեանի առիթով։ Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Երիտասարդներու Համաշխարհային քառասուներորդ օրը, թեմական եկեղեցիներու մակարդակով, որուն առիթով հրատարակուած Քահանայապետի պատգամին բնաբանն է «Դուք ալ պիտի վկայէք, որովհետեւ սկիզբէն իմ հետս էք». (Յովհ. 15,27) Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած խօսքը եւ որուն մէջ Լեւոն ԺԴ հրաւիրած է երիտասարդները ըլլալու «ուրախութեան, յոյսի և խաղաղութեան վկաներ»ը։

Իսկ այսօրուայ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ան շեշտը դրաւ երաժշտութեան եւ ծիսական երգեցողութեան հոգեւոր արժէքին վրայ։

Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր

«Այսօրուայ պատարագը, մեզ կը հրաւիրէ միասին քալել գովաբանութեամբ և ուրախութեամբ դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ Տիեզերքի Թագաւորը, հեզ և խոնարհ Գերիշխանը, ԱՆ, որ ամէն ինչի սկիզբն ու վերջն է։ Անոր զօրութիւնը սերն է, Անոր գահը՝ Խաչը, և Խաչի միջոցաւ անոր արքայութիւնը կը ճառագայթէ ամբողջ աշխարհին մէջ։ «Ան Խաչէն կը թագաւորէ» (հմմտ. Hymn Vexilla Regis) որպէս Խաղաղութեան Իշխան և Արդարութեան Արքայ, որ իր չարչարանքներով աշխարհին բացայայտեց Աստուծոյ սրտի անսահման ողորմածութիւնը։ Այս սէրը նաև ձեր երգի ոգեշնչումն ու պատճառն է» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը քարոզին սկիզբը աշխարհի տարբեր ծագերէն եկած հազարաւոր երգիչներուն յիշեցնելով, որ երգելը կը պատկանի «անոր որ կը սիրէ» ընդունակ է արտայայտելու այն, ինչ որ բառերը երբեմն չեն կարող ըսել։

Եթէ դուք կ՛ աղօթէք երգելով, կ՛ օգնէք բոլորին աղօթելու

«Սիրելի՛ երգչախումբի անդամներ և երաժիշտներ, այսօր դուք կը նշէք ձեր Յոբելեանը և շնորհակալութիւն կը յայտնէք Տիրոջ, որ ձեզի շնորհած է պարգևն ու շնորհքը՝ ծառայելու Իրեն՝ ձեր ձայներն ու տաղանդները նուիրելով Անոր փառքի և ձեր եղբայրներու ու քոյրերու հոգևոր կառուցման համար (հմմտ. Երկրորդ Վատիկանի Տիեզերական Ժողով, Սահմանադրութիւն Sacrosanctum Concilium, 120)» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա բացատրեց` որ Երաժշտութիւնը, կը դառնայ հոգևոր կրթութեան գործիք ամբողջ համայնքի համար. «Եթէ դուք կ՛ աղօթէք երգելով, կ՛ օգնէք բոլորին աղօթելու»։

«Երգելը, մասնաւորապէս, կը ներկայացնէ մարդու բնական և ամբողջական արտայայտութիւնը. միտքը, զգացմունքները, մարմինը և հոգին կը միանան այնտեղ` կեանքի մեծ բաները հաղորդելու համար: Ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Սուրբ Օգոստինոսը. «Cantare amantis est» (հմմտ. Sermo 336,1), այսինքն՝ «երգը վայել է անոր, որ կը սիրէ». երգողը կ՛ արտայայտէ սէրը, բայց նաև ցաւը, քնքշութիւնն ու ցանկութիւնը, որոնք կը բնակին անոր սրտին մէջ և, միևնոյն ժամանակ, ան կը սիրէ ան որուն կը դիմէ իր երգը (հմմտ. Enarrationes in Psalmos, 72,1)», յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը:

Դառնալ Եկեղեցւոյ պայծառ պատկերը

Ան ապա երգչախումբը համեմատեց փոքրիկ ընտանիքի մը` որ բնութագրուած է կարգապահութեամբ, պատրաստութեան և ծառայութեան հոգիով, բայց ան նաև ամբողջ Եկեղեցւոյ պատկերն է՝ բազմազան ձայներու հաւաքածու, որոնք երբ ներդաշնակուած ըլլան կը դառնան մէկ փառաբանութիւն։

«Երգեցողութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք ճանապարհորդութեան մէջ գտնուող Եկեղեցի ենք, իսկական սինոդական իրականութիւն, որ կարող է բոլորի հետ կիսուիլ փառաբանութեան և ուրախութեան կոչումով՝ սիրոյ և յոյսի ուխտագնացութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով զանոնք ձգտելու դառնալ «Եկեղեցւոյ պայծառ պատկերը, որ կը գովաբանէ իր Տէրը» ապա կոչ ըրաւ երաժիշտներուն չիյնալու «ցուցադրութեան գայթակղութեան» մէջ՝ յիշեցնելով, որ անոնց դերը իրենք զիրենք ուրիշներու առջեւ դնելը չէ, այլ համայնքի կենդանի մասը ըլլալն է` խրախուսելու համար մասնակցութիւնը։

Հսկել որ հոգևոր կեանքը միշտ համապատասխանէ կատարած ծառայութեան պահանջներուն

Ընդունելով, որ նման որեւէ այլ խումբի մը, կարող են յառաջանալ «անհամապատասխան խազեր», Սրբազան Քահանայապետը` հրաւիրեց երգչախմբերը դառնալու եկեղեցական ներդաշնակութեան հիանալի նշաններ, որոնք կարող են գեղեցկութեամբ լուսաւորել Եկեղեցւոյ աղօթքը։

«Զգօն եղէք, որ ձեր հոգևոր կեանքը միշտ համապատասխանէ ձեր կատարած ծառայութեան պահանջներուն, որպէսզի ան կարողանայ իսկականօրէն արտայայտել Պատարագի շնորհքը» ըսաւ Ան ապա բոլոր երգչախմբերու անդամները վստահեցաւ Սրբուհի Չիչիլիայի՝ հաւատքի և նուիրումի օրինակին, որպէսզի ուրախութեամբ ուղեկցին Աստուծոյ համայն ժողովրդի ճանապարհորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2025, 11:06