Կրթութիւնը սրբութեան առաջնորդող լոյս է. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` մէկ նոյեմբերը ըստ լատինաց Ամենայն սրբոց տօնն է եւ այս տարի Յոյսին նուիրուած Յոբելեանին առիթով ճիշտ այս օրերուն կրթական աշխարհի գործիչներն ու անդամները կը նշեն իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը եւ մեծ թիւով ժամանած են Հռոմ, ուր առիթը ունեցան մասնակցելու կազմակերպուած տարբեր միջոցառումներու եւ հանդիպումներու, որոնց շարքին նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին, շաբաթ մէկ նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան նախագահած Կրթական աշխարհին նուիրուած պատարագը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, որուն ընթացքին Ան` Անգլիացի փիլիսոփայ, աստուածաբան և կարդինալ` Սուրբ Ժոն Հանրի Նիումանը (1801–1890) հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ եւ կրթական աշխարհի համապաշտպան սուրբ Սուրբ Թովմաս Աուքինացիի հետ միասին։
Նիումանը կամուրջ
Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական ճակատին վրայ զետեղուած էր Եկեղեցւոյ Տիեզերական 38 Վարդապետը համարուող սուրբին սրբանկարը, որ կը մարմնաւորէ կամուրջը` հաւատքի և բանականութեան, աւանդոյթի և արդիականութեան, համալսարանի և Աւետարանի միջև։
Եկեղեցւոյ 38-րդ Վարդապետը
Արդարեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ օրս միայն 37 սուրբեր արժանացած են Տիեզերական Վարդապետ տիտղոսին, անոնց շարքին են չորս կիներ ու նաեւ հայ ազգի պանծալի զաւակ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, զոր համարուած է Եկեղեցւոյ 36 Տիեզերական Վարդապետը եւ զայն այդպէս հռչակած էր հանգուցեալ հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսը` 12 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Պետրոս պաիզլիքային մէջ գլխաւորած Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին։
Արարողութիւնը
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած արարողութեան սկիզբը տեղի ունեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի հռչակման արարողութիւնը։ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` սրբադասման դատի խնդրարկուին հետ միասին մօտենալով կեդրոնական խորան հայց ներկայացուց Քահանայապետին` որպէսզի Սուրբ Նիումանը հռչակուի Վարդապետ, ներկայացնելով անոր կենսագրականը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական բանաձեւով Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեց Սուրբ Ժոն Հանրի Նիումանը մինչ երգչախումբը հնչեցուց «Ամէն»ը եւ «Ալէլուիան»։
Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը
Ապա սուրբ զոհի ընթացքին կարդացուցած սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը օրուան քարոզը կեդրոնացուց նախ Սուրբ Նիումանի վրայ ու նաեւ կրթական աշխարհի կարեւոր առաքելութեան վրայ։
Ան ընդգծեց` թէ «մշակութային և հոգևոր բարձր դիրք զբաղեցնող» Նիումանին տիպարը փարոս է անոնց համար, որոնք կը փնտռեն ճշմարտութիւնը գիտելիքի միջոցաւ, «ճանապարհորդութիւն, որ մեզ կը տանի «aspera ad astra»ի միջոցաւ, այսինքն «դժուարութիւններուն ընդմէջէն դէպի աստղեր»ը ։
Մանկավարժներ փայլեցէք նման աստղերուն
Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով ապա դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսուցիչներուն խրախուսեց զանոնք «աշխարհին մէջ փայլելու նման աստղերուն», հետազօտութեան իսկականութեամբ եւ երիտասարդներուն ու մասնաւորապէս աղքատներուն ի սպաս ծառայութեամբ։
Ան կրթական հաստատութիւնները սահմանեց որպէս «մարգարէութեան արհեստանոցներ, ուր յոյսը կ՛ ապրի և կը կիսուի», յիշեցնելով Երանութիւններու աւետարանական էութիւնը` որպէս «Յիսուս Ուսուցիչի ուղի և պատգամ»։
«Նիհիլիզմի» դէմ. Առաջարկել «Նուրբ լոյս մը»
Լեւոն Պապը յղում կատարեց ապա Նիումանի յայտնի Lead, Kindly Light «Առաջնորդէ, բարեացակամ լոյս» գրութեան, որմէ մեկնելով կոչ ուղղեց կրթական աշխարհին «առաջարկելու այս նուրբ լոյսը անոնց, որոնք, յոռետեսութեան և վախի մէջ բանտարկուած մնալու վտանգը կ՛ապրին» ապա զգուշացուց «նիհիլիզմի խաւար»էն, որ կը սպառնայ ջնջել յոյսը՝ կոչ ընելով բոլորին «զինաթափելու յուսալքումի կեղծ պատճառները» և տարածելու «յոյսի մեծ դրդապատճառները»։
Երկխօսութեան և խաղաղութեան քաղաքակրթութիւն
Սրբազան Պապը այնուհետև ուրուագծեց կրթութեան տեսլականը՝ որպէս «երկխօսութեան և խաղաղութեան քաղաքակրթութեան շեմ», որ կարող է ճանչնալ իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս ամենախոցելիներու արժանապատուութիւնը:
«Կեանքը կը լուսաւորուի ոչ որովհետեւ հարուստ ենք, գեղեցիկ կամ հզօր։ Այլ երբ մենք մեր մէջ կը բացայայտենք այն ճշմարտութիւնը թէ կանչուած ենք Աստուծմէ թէ ունինք կոչում եւ առաքելութիւն ու թէ մեր կեանքը կը ծառայէ մեզմէ աւելի մեծ բանի մը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Իւրաքանչիւր արարած ունի իր դերը։ Իւրաքանչիւր մարդու ներդրումը ունի եզակի արժէք, և կրթական համայնքներուն պարտականութիւնն է խրախուսել և բարձրացնել այս ներդրումը»։
Կրթութիւն ի սպաս սրբութեան
«Մի մոռանանք» շեշտեց հուսկ Սրբազան Պապը, «կրթական ծրագրերու կենտրոնը վերացական անհատներ չկան, այլ իրական մարդիկ...ու մենք կոչուած ենք ձևաւորելու մարդիկը, որպէսզի անոնք փայլին աստղերու պէս իրենց ողջ արժանապատուութեամբ։ Հետևաբար, կարող ենք ըսել, որ կրթութիւնը, քրիստոնէական տեսանկիւնէն, կ՛ օգնէ բոլորին դառնալու սուրբեր։ Ոչ նուազ բան» յարեց Սրբազան Պապը, որ ապա մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի խօսքերը, հաստատելով` որ Սրբութեան կոչումը տիեզերական է, «Աստուած ձեզ կը սիրէ աւելի քան դուք կարող էք երեւակայել, եւ կ՛ուզէ միայն ամենալաւը ձեզի համար», նշեց ի միջի այլոց Լեւոն Պապը, որ քարոզի աւարտին մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը, զոր ըսաւ Ան «Նիումանը շատ կը սիրէր». «մենք ուսմունքի ընկերներ ենք, որոնք ունին միայն մէկ Վարդապետ` որուն դպրոցը երկրի վրայ է եւ աթոռը երկնքի մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
