Պատերազմի զոհերուն յիշատակը կը յարգուի զինադադարով ու բանակցութեան ի սպաս յանձնառումով. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ես մօտիկ եմ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակչութեան, որ թիրախ է կլորաձեւ զօրեղ մրրիկի։ Կ՛աղօթեմ մահացածներու և անոնց ընտանիքներու, վիրաւորներու և տեղահանուածներուն համար»։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հարուածող ահաւոր մրրիկի զոհերուն իր մօտիկութիւնը արտայայտելով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկսաւ Կիրակի 9 նոյեմբերին գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք արտասանած ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ ակնարկեց նաեւ Իտալիոյ Եկեղեցիին կողմէ այսօր յիշատակուող «Շնորհակալութեան Օրուան»։
«Կը միանամ Եպիսկոպոսներու պատգամին խրախուսելով հողի պատասխանատու խնամքը, սնունդի մսխումին դէմ պայքարը և կայուն գիւղատնտեսական գործելակերպի ընդունումը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ «Մեր քոյր մայր հողի» և զայն մշակողներու ու պաշտպանողներուն համար:
Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած 35 հազարէ աւելի ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին նեաւ «Սնունդի սեղանի» կամաւորները որոնք եկող շաբաթ օր, Աղքատներու Համամխարհային Օրուան նախօրէին, դրամահաւաք պիտի կազմակերպեն։
«Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնում բոլոր անոնց` որոնք բոլոր մակարդակներու վրայ կ՛ աշխատին խաղաղութիւն կառուցելու համար պատերազմէ տուժած տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յիշելով թէ ինչպէս «վերջին օրերուն աղօթեցինք մեռեալներուն համար, որոնցմէ շատեր, ցաւօք, զոհուած են մարտերու և ռմբակոծումներու ժամանակ, հակառակ որ անոնք քաղաքացիական անձինք էին, երեխաներ, տարեցներ և հիւանդներ»:
«Եթէ մենք իսկապէս կ՛ ուզենք յարգել անոնց յիշատակը, պէտք է դադարեցնել կրակը և յանձնառութիւն դնել բանակցութիւններուն մէջ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւն ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
