Աղքատներու համաշխարհային օր. Քահանայապետին ողջոյնը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 16 նոյեմբերին կը յիշատակուի Աղքատներու Համաշխարհային իններորդ օրը, որ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ նուիրուած` աշխարհի դիւրաբեկներուն, որոնք սիրտն են Աւետարանին եւ Յիսուսի սրտին մէջ ունին յատուկ տեղ մը։
Օրուան առիթով կազմակերպուած են տարբեր ձեռնարկներ, որոնք իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած պատարագին ու անոր յաջորդող կէսօրուայ ճաշին, որ տեղի կ՛ունենայ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ եւ ճիշտ այս Օրուան առիթով է, որ Յոյսի Յոբելենական Տարուան ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ Աղքատներուն յոբելենական ուխտագնացութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը հազարի մօտ ուխտաւորներ` կազմուած աղքատներէ եւ անոնց հոգ տանող ընկերակցութիւններէ, բարեգործական հաստատութիւններէ եւ կամաւորներէ։
Նախ քան Սուրբ Զոհը մատուցելը, Սրբազան Պապը նախ հանդիպում ունեցաւ աղքատներով զբաղող զանազան կազմակերպութիւններու անդամներուն հետ ապա անակնկալ կերպով ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղել Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն, որ մինչ այդ թիւով 12 հազար էին, տրուած ըլլալով որ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նստարանները բաւարար չեն համախմբելու բոլորը, եւ հրապարակ դուրս գալով Ան ողջունեց ներկաները ակնարկելով «Երանի Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է Երկնքի արքայութիւնը» աւետարանական խօսքին, հաստատելով` որ «բոլորս ալ կ՛ուզենք մաս կազմել Տիրոջ աղքատներուն, որովհետեւ մեր կեանքը պարգեւ մըն է` զոր Աստուած մեզի տուաւ ու մենք զայն կ՜ընկալենք երախտապարտութեամբ»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ անոնք արարողութեան կարող են հետեւիլ, հրապարակի վրայ զետեղուած պաստառներու վրայ խրախուսելով զանոնք մասնակցելու «սիրով, եւ հաւատքով եւ ի միտ ունենալով, որ բոլորս ալ միացած ենք Քրիստոսի մէջ»։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար եւ նախ քան տաճար վերադառնալը ժամադրութիւն տուաւ ըսելով, «կը հանդիպինք Մարեմեան աղօթքի ժամանակ։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
