Լեւոն ԺԴ. Պապին Մոնթէֆալքոյի Սրբուհի Քիարա Վանքի այցելութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ասիզիիի մէջ իտալացի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումէն յետոյ, Հինգշաբթի 20 Նոյեմբերին Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Մոնթէֆալքոյի Սրբուհի Քիարայի Օգոստինեան մայրապետներուն վանքը, որուն ինք ծանօթ էր երբ կը վարէր Միաբանութեան գլխաւոր Մեծաւորի պաշտօնը։
Մեծ ուրախութեամբ ընդունուած ըլլալով փակ համայնքի կողմէ՝ Պապը վայելեց պարզ և եղբայրական օր մը՝ մայրապետներուն հետ ունենալով երկխօսութիւն, մատուցելով պատարագ և կիսելով միասնական ճաշը:
Մայր Մարիա Քրիսթինա Տակուաթին, Սրբազան Պապը նկարագրեց որպէս «զինաթափ և զինաթափող մարդ»՝ «հանգստացնող անհատականութեամբ», ընդգծելով հանդիպումը բնորոշող ընտանեկան մթնոլորտը:
Զրոյցի ընթացքին Լևոն ԺԴ.-ը խօսեցաւ իր անձնական կապի մասին Սրբուհի Քիարայի հետ, որուն նկատմամբ ունի յատուկ ջերմեռանդութիւնն։
Մայրապետները Քահանայապետին նուիրեցին վանքին արտադրութիւններէն նմուշներ ու 2026 օրացոյցը որ նուիրուած է «զինաթափ ու զինաթափող խաղաղութեան»։
Վանքի հասարակութեան համար Քահանայապետին այս այցելութիւնը եղաւ ուրախութեան ու խոր հաղորդութեան պահ մը` Սուրբ Օգոստինոսի «Ռեկոլայի» հոգիով, ի նշան եղբայրութեան մը` որ կը նորոգուի եւ կը զօրանայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
