Սրբազան Պապին այցը Կապոյտ մզկիթ եւ Ուղղափառ Ասորիներու Եկեղեցի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 29 նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր քահանայապետութեան առաջին առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8,45ին, փոխադրուելով Իսթանպուլի Սուլթան Ահմատ մզկիթ, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Կապոյտ մզկիթ եւ կառուցուած` Սուրլթան Ահմէտ Ա. օրով 1609-1617 տարիներուն դառնալով Օսմանեան կայսրութեան ամենակարեւոր պաշտամունքի վայրը։
Կապոյտ մզկիթը
Կապոյտ անուանումը կու գայ պատերու և գմբեթի մէջ տեղադրուած 21,043 կապտագոյն քարերէն։ Պատերը, սիւները և կամարները ծածկուած են Իզնիկի մայոլիքաներով զարդարուած կապոյտէն մինչև կանաչ երանգներով։
Կապոյտ մզկիթը միակն է` որ ունի վեց մինարեթներ տրուած ըլլալով `որ մզկիթները ընդհանրապէս ունին միայն չորս մինարեթ բացի Մեքքայի Քաապա-էն որ ունի եօթը մինարեթ։
Մզկիթ ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Տիանաթի այսինքն Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախագահին կողմէ, որ ապա բարի գալուստի խօսք ուղղեց Նորին Սրբութեան, որ մզկիթի մէջ պահ ամփոփուեցաւ լռելեան։
Մզկիթի այցելութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխադրուեցաւ Մոր Էֆրեմ Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցի` որուն բացումը կատարուածէ 2023-ին եւ միակ Եկեղեցին է, որ կառուցուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ասդին։
Ասորիներու Սուրբ Եփրեմ Եկեղեցին
Ան նուիրուած է Աոսրի Սուրբ Եփրեմին։ Անոր կառուցումը տեւած է գրեթէ տասը տարի, որոնց ընթացքին պակաս չեղան վարչական հարցեր։
Ասորի ուղղափառ եկեղեցին ինքնավար արևելեան եկեղեցի է, որ սկիզբ առած է Սուրիոյ մէջ, որուն հետևորդները տարածուած են ամբողջ աշխարհ: Եկեղեցին կը գլխաւորէ Անտիոքի Ասորական ուղղափառ պատրիարքը, որուն նստավայրը Սուրիայի մայրաքաղաք` Դամասկոսի մէջ է: Ասորի ուղղափառ եկեղեցին ամբողջ աշխարհի մէջ ունի մօտաւորապէս երկու միլիոն հետևորդ: Անոր Պատրիարքն է Իգնատիոս Եփրեմ Բ։ը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ ըլլալով՝ ան նշանակալի ներդրում ունեցած է 2007 թուականին «Christian Churches Together» համամիութենական կազմակերպութեան հիմնադրումի գործին մէջ:
Վերոնշեալ Սուրբ Եփրեմ ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը դռնփակ հանդիպում ունեցաւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու ու Եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։
Հանդիպման վայր ժամանելուն Ան դիմաւորուեցաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարքին ու Անտիոքի Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտի կողմէ, ապա մուտք գործեց տաճար միանալով Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող միւս Հոգեւոր Առաջաւորներուն։
Խմբանկարէն ետքը ու երգչախումբի հնչեցուցած «Եկ Սուրբ Հոգի» շարականէն ետքը, առաջնորդները տեղ գրաւեցին կլոր սեղանի մը շուրջ ուր սկիզբ առաւ դռնփակ հանդիպումը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր առաջնորդ ներկայացուց հակիրճ զեկոյց մը, որուն յաջորդեց Լեւոն ԺԴ. Պապին ճառը։
Հանդիպումի աւարճին ու նախ քան Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնէ ներկաներէն Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդը գլխաւորեց Տէրունական աղօթքը։
Այս հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան երէկ գլխաւորած Համամիութենական աղօթքէն ետք երկրորդ համամիութենական հանդիպումը ուր եկեղեցիներու ղեկավարները առիթը ունեցան փոխանակելու մտքեր ու իրար հետ երկխօսութիւն հաստատելու, ճիշտ 1700 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Նիկիոյ Տիեզերական Համամիութենական առաջին ժողովի տարեդարձի նշումին առիթով։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը
Յայտնենք` որ վերոնշեալ կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ առաքելական Եկեղեցիները յանձինս Թուքրիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչ Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան։
Սրբազան Պապին խօսքը
«Պապը Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու եւ համայնքներու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին անդրադարձաւ Նիկիայի ժողովի և երեկուայ տօնակատարութեան արժէքին, որուն կիզակէտն էր Մարդեղութեան Աւետարանը: Ան խնդրեց և հաւաստիացուց աղօթքներ նոր հանդիպումներու և պահերու հնարաւորութեան համար, ինչպիսին եղաւ այս հանդիպումը, նաեւ այն Եկեղեցիներուն հետ միասին որ չկարողացան ներկայ գտնուիլ։ Քահանայապետը շեշտեց աւետարանութեան եւ Քերիկմայի հռչակումին առաջնահերթութիւնը ու յիշեցուց թէ ինչպէս քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը արգելք է անոնց վկայութեան։ Ան ապա հրաւիրեց միասին քալելու` Հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը, որ կը տանի դէպի Փրկագործութեան Յոբելեան, 2033 թուականին, Երուսաղէմ վերադառնալու հեռանկարով, Վերնատուն, վայր ` Յիսուսի Իր աշակերտներուն Վերջին Ընթրիքին, ուր լուաց անոնց ոտքերը լուաց եւ վայր Պենտեկոստէի, 1Ճանապարհորդութիւնը, որ տանի դէպի լիակատար միութիւն» ըսաւ Քահանայապետը, մէջբերելով Իր եպիսկոպոսական կարգախօսը. «In Illo Uno Unum» (Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք):
Ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը
Նորին Սրբութիւնը ապա Սուրբ Եփրեմ Եկեղեցւոյ մէջ, Պատուոյ Գիրքին վրայ կատարեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Այս պատմական առիթով, ուր կը տօնենք Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովէն ի վեր 1.700 տարիները, նորոգելու մեր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի, ճշմարիտ Աստուծոյ եւ ճշմարիտ մարդուն հանդէպ, տօնելով այն հաւատքը, որ միասին կը բաժնենք: Կը մաղթեմ ամէն օրհնութիւն բոլոր անոնց, որոնք այստեղ հաւաքուած են եւ բոլոր այն համայնքներուն, զոր անոնք կը ներկայացնեն»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
