Որոնել

Լատերան Համալսարանի մուտքը Լատերան Համալսարանի մուտքը 

Լևոն ԺԴ.-ը բացումը պիտի կատարէ Լատերանի համալսարանի ուսումնական տարուան

Ուրբաթ` 14 նոյեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Յովհաննէս Լատերանի մօտակայքը գտնուող Լատերանեան համալսարանը այցելելով բացումը պիտի կատարէ համալսարանի ուսումնական տարուան հանդիպում ունենալով ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեանց հետ.
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Յառաջիկայ ուրբաթ օր` 14 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Լատերանի Քահանայապետական համալսարանի «Մեծ Դահլիճին» մէջ պիտի գլխաւորէ «Dies Academicus»ը, որով բացումը պիտի կատարէ Համալսարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին։

Այս առիթով Համալսարանի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ «Սրբազան Պապին «իր համալսարանին մէջ» ներկայութիւնը նշան է այն յատուկ ուշադրութեան, զոր ան ունի Լատերանի համալսարանի ակադեմիական հասարակութեան նկատմամբ, ու անոր նոր սերունդներուն կազմաւորման, աստուածաբանական, փիլիսոփայական և իրաւական հետազօտութիւններու, ինչպէս նաև հաւատքի ու մշակոյթի միջև երկխօսութեան նկատմամբ յանձնառումին։ «Dies Academicus»ը արդարեւ առիթ է խորհրդածութեան ու հանդիպումի ընդմէջ դասատուներուն, ուսանողներուն ու եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն»

Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Մեծ կանցլեր, կարդինալ Պալտասարէ Ռեյնայի և ռեկտոր` գերապ. Ալֆոնսօ Վ. Ամարանթէի ներկայութեամբ ինչպէս նաեւ ակադեմիական իշխանութիւններու և եկեղեցական ու մշակութային աշխարհի բազմաթիւ հիւրերու մասնակցութեամբ։

Վերջին անգամ` որ Քահանայապետ մը այցելած էր Լատերանի համալսարանը եղած էր 26 Մարտ 2019-ին երբ Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ կերպով գլխաւորեց Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած քառասնորդացի աւանդական խորհրդածութիւնը։

2023-2024 տարեշրջանի ընթացքին Լատերանի համալսարանը ունեցաւ 1.137 աշակերտ եւ 139 փրոֆեսորներ. Անոր ակադեմիական կառուցուածքը կը ներառէ. Աստուածաբանութեան և Փիլիսոփայութեան մասնաճիւղերը, Institutum Utriusque Iuris-ը, Կանոնական իրաւունքի և Քաղաքացիական իրաւունքի մասնաճիւղերը, Redemptor Hominis հովուական ինստիտուտը, Խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու և միջազգային համագործակցութեան ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս նաև Բնապահպանութեան և շրջակայ միջավայրի, Հասարակաց Տան խնամքի և Արարչութեան պաշտպանութեան ուսումնական ծրագիրը: Անոր մաս կը կազմեն նաեւ իրենց սեփական ակադեմիական կառավարմամբ և ղեկավարութեամբ. Բարոյական աստուածաբանութեան հայրապետական​​բարձրագոյն ինստիտուտը (Ալֆոնսեան ակադեմիա), Քահանայապետական Հայրաբանութեան​​ինստիտուտը (Augustinianum) և Նուիրեալ կեանքի աստուածաբանութիւն Քահանայապետական​​ինստիտուտը (Claretianum):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2025, 09:16