Որոնել

Սրբազան Պապին Թուրքիոյ մէջ երրորդ օրը պատկերներով

Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց կապոյտ մզկիթը ապա Ասորի Ուղղափառ Սուրբ Եփրեմ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Թուրքիոյ Քրիստոնեայ համայնագրերու հովուապետերուն հետ, որոնց շարքին էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան։ Ան ապա կէսօրէն ետքը մատոյց սուրբ պատարագը որուն առիթով հնչեցին նաեւ հայկական շարականներ մինչ խորանին վրայ զետեղուած էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն բերուած Սուրբ Կոյս Մարիամի հրաշագործ պատկերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 21:53