Սահակ Բ. Պատրիարքին բարի գալուստի խօսքը Լեւոն ԺԴ. Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 30 Նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը, Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակին առիթով Թուրքիայ կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ` հրաժեշտ առնելով Իսթանպուլի Առաքելական Պատուիրակութենէն եւ ուղղուելով Պոլսոյ Հայոց Սուրբ Աստուածածին Պատրիարքական տաճար` որ կը գտնուի Առաքելական Պատուիրակութենէն եօթը քմ. հեռաւորութեան վրայ։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Սահակ Բ. Պատրիարքաին կողմէ
Պատրիարքարան ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ` Սահակ Բ. Պատրիարքին կողմէ, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մուտքին, հուսկ անոնք միասին մուտք գործեցին տաճար, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը, որմէ ետքը Պատրիարք Հայրը բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց Լեւոն ԺԴ. Պապին, որուն մէջ Ան ջերմօրէն ողջունեց պատուական հիւրը, երախտագիտութիւն յայտնելով անոր այս այցելութեան համար։
Եղբայր եւ Նիկիոյ Հաւատքի համախոհ պահապան
«Ձեր այսօրեայ ներկայութիւնը մեր մէջ ոչ միայն պատիւ է, այլեւ օրհնութիւն մեր համայնքի, Թուրքիայի եկեղեցիներու և բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛աշխատին քրիստոնէական միութեան համար», ըսաւ Սահակ Բ.։ «Այս պահը, Ձերդ Սրբութիւն, կը մնայ մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ» աւելցուց ապա Ան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, ընդգծելով քրիստոնեաներու միութեան կարեւորութիւնը եւ յիշելով Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակը` որ «եղաւ հոգևոր շրջադարձային պահ մը` քրիստոնէական պատմութեան մէջ, որ մեզի յիշեցուց, որ միութիւնը կարևոր է, որ ճշմարտութիւնը պէտք է ըսուի քաջութեամբ, և որ Քրիստոսի հանդէպ մեր ընդհանուր հաւատքը կը գերազանցէ ազգը, էթնիկ պատկանելութիւնը և ժամանակը», եղան Պատրիարք Հօր արտասանած խօսքերը, որ ապա նշեց` թէ ինք այսօր Քահանայապետը կ՛ընդունի` որպէս «եղբայր եւ Նիկիոյ Հաւատքի համախոհ պահապան»։
Հայ ազգին երախտապարտութիւնը
Սահակ Բ. իր խոր յարգանքը արտայայտեց Լեւոն ԺԴ. Պապին ու անոր առաքելութեան, յայտնելով` որ «Քահանայապետութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը ծառայէ` որպէս բարոյական ուղեցոյց մը ... եւ ձայն կու տայ անոր, որ ձայն չունի» ու նաեւ թէ «հայ ազգը երբեք չի մոռնար այն քահանայապետերը` որոնք իրենց ձայնը բարձրացուցին մեր տառապանքներու ժամանակ, եւ որոնք մօտ կանգնեցան վտանգի տակ գտնուող քրիստոնեայ համայնքներուն, ու թիկունք կանգնեցան ճշմարտութեան, այն ժամանակ երբ աշխարհը տատամսումի մէջ էր»։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները
Պատրիարք հայրը խօսեցաւ ապա Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին ու Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեայ «փոքր հօտի» մասին, ապա ակնարկեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ու Հռոմի Եկեղեցւոյ միջեւ տիրող խոր կապերուն, դիտել տալով` թէ «Քահանայապետին այս այցը այսօր աշխարհին կ՛ըսէ, որ «քրիստոնեաներուն միութիւնը կարելի է, որովհետեւ այս է Աստուծոյ կամքը»։
Պատրիարքը ակնարկեց ապա Թուրքիոյ մէջ ապրող տոկուն հայ հասարակութեան ու հայկական կառոյցներուն մատուցած ծառայութիւններուն, դիտել տալով` թէ որպէս հայկական հին Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ` իրենք կը շարունակեն ըլլալ «այս երկրի հաւատարիմ քաղաքացիները»։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները
«Դժուարութիւններու և յոյսի ժամանակներու ընթացքին մենք զգացինք միւս քրիստոնեաներու՝ ուղղափառ, կաթողիկէ և բողոքականներու զօրակցութիւնը եւ Ձեր այսօրուայ ներկայութիւնը այստեղ, այդ զօրակցութեան խոր դրսևորումն է» հաստատեց Սահակ Բ.ը, որ ապա Քահանայապետէն խնդրեց` որ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ ի սպաս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ու յատկապէս Լիբանանի քրիստոնեաներու ապահովութիւն երաշխաւորելու համար։
«Թող Տէրը ձեզ խաղաղութեան հրեշտակ դարձնէ այդ արիւնոտ երկրին մէջ պատերազմէն հիւծուած ժողովուրդներուն յաւերժական խաղաղութեան աւետիս հռչակելու համար» ըսաւ ապա Պատրիարք Հայրը խօսելով նաեւ Արեւմուտքի մէջ բարոյական արժէքներու մասին, որոնք վտանգուած են, հրաւիրելով աղօթել այս դիտաւորութեամբ։
Աղօթենք խաղաղութեան համար ու պատերազմէ վիրաւոր բոլոր երկիրներուն համար
Սահակ Բ. խօսքը աւարտեց խաղաղութեան եւ քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս աղօթքով մը` հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ Քահանայապետի առաքելութեան համար։
«Աղօթենք խաղաղութեան համար ու պատերազմէ վիրաւոր բոլոր երկիրներուն համար ու բոլոր այն հասարակութիւններուն համար` որոնց գոյութիւնը սպառնալիքի տակ է», յարեց հուսկ Սահակ Բ. Պատրիարքը, մաղթելով` որ Նիկիական հաւատքը, որ շատ մը ժամանակ առաջ արտասանուեցաւ մէկ ձայնով, անգամ մը եւս դառնայ եղբայրութեան անխզելի կապ մը։
Ան ապա իր խորհին երախտագիտութիւնը արտայայտեց Սրբազան Պապին աղօթքներ ապահովեցնել անոր ու հայցելով` որ Աստուած օրհնէ Անոր առաքելութիւնը ու աշխարհիս պարգեւէ խաղաղութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
