Տխրութիւն եւ հոգեւոր մօտիկութիւն Հոնկ Քոնկի սարսափելի հրդեհին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր ուղղեց բռնկուած հրդեհին կապակցութեամբ։
Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց.
«Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը տխրութեամբ տեղեկացաւ Հոնկ Քոնկի Թայ Փօ թաղամասի մէջ բազմաթիւ բնակարանային շէնքերը բռնկած հրդեհին մասին, եւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ այդ աղէտին հետեւանքներէն տուժող բոլոր անձերուն, մանաւանդ վիրաւորներուն ու սգաւոր ընտանիքներուն
Քահանայապետը նաեւ հանգուցեալներուն հոգիները Ամենակարողին սիրոյ ողորմութեան կը յանձնէ եւ կ՝աղօթքէ այդ արտակարգ իրավիճակներու անձնակազմին համար, որ կը շարունակէ բժշկական օգնութիւն տրամադրել եւ կը փնտռէ անյայտ կորսուածները։
Բոլորին վրայ, Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ աստուածային զօրութեան, սփոփանքի եւ խաղաղութեան օրհնութիւնները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
