Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Հիմնական է ծէսին վերաբերող գիտելիքները տարածել ակադեմիական ոլորտէն դուրս մատչելի ձեւերով

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը ծէսի նուիրուած դասընթացքի մասնակիցներուն, կազմակերպուած Քահանայապետական ծիսական համալսարանի կողմէ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրեցէք քահանայապետին այս օրուան ու միւս լուրերը

Երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ Պապ ընդունեց, Սան Անսելմօ Քահանայապետական ծիսական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, թեմերուն ծիսական հովուական ծառայութեան պատասխանատուներուն համար կազմակերպուած դասընթացքին մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ծիսական կազմաւորման կենսական կարեւորութեան վրայ եւ թեմական պատասխանատուներուն դերին վրայ՝ ծիսական հովուական ծառայութեան համար

Սրբազան Հայրը պատգամին սկիզբը շեշտեց, թէ դասընթացքը կը պատասխանէ Ծիսական Քահանայապետական համալսարանի երկակի առաքելութեան. շարունակել ծառայութիւնը եկեղեցւոյ՝ հաւատարմութեամբ պաշտօնական աւանդութեան եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բարեփոխումին,

Իրագործել Veritatis gaudium շրջաբերականին Կազմաւորման Պարտականութիւնները՝ պատրաստելով ծառայողներ ու հաւատացեալները պաշտօնական եւ հովուական իրենց ծառայութեան համար։

Գիտելիքներու Տարածումը

Քահանայապետը վերանորոգեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Desiderio desideravi» Առաքելական նամակին հրաւէրը. Հիմնական է ծէսին վերաբերող գիտելիքները տարածել ակադեմիական ոլորտէն դուրս մատչելի ձեւերով, որպէսզի իւրաքանչիւր հաւատացեալ աճի քրիստոնէական արարողութեան աստուածաբանական իմաստի գիտակցութեան մէջ։

«Իրապէս՝ թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ այս կազմաւորումին կարիքը կայ եւ կարեւոր է սկսիլ աստուածաշնչական եւ պաշտօնական ընթացքներ», ըսաւ Քահանայապետը ու շեշտ դրաւ զանազան կեդրոնական պատասխանատուութիւններուն վրայ՝ ծիսական հովուութեան ծառայութեան տնօրէններուն համար։

Սկսիլ ուղիներ, որոնք կ՛օգնեն համայնքներուն՝ թոյլ տալու, որ Աստուծոյ Խօսքը զիրենք կազմաւորէ , բացատրելով Սուրբ Գրային ընթերցումը եւ հասկնալու հաւատքի խորհուրդը՝ ծէսերով եւ նշաններով։

Ապահովել ընթերցողներու խորապէս յառաջացած պատրաստութիւն մը, ներառեալ՝ աստուածաշնչական գիտելիքներ ու սաղմոսները լաւ երգելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ «համայնքին համար Հաւատացեալներուն Աղօթքները գրելը նոյնպէս կարեւոր կէտեր են, որոնք կը գործադրեն ծիսական բարեփոխումը եւ կ՛աճեցնեն Աստուծոյ Ժողովուրդին ճամբան։

Խթանում եւ Ուշադրութիւն

Խթանել Ժամերգութիւնը, խնամել ժողովրդային բարեպաշտութիւնը եւ ուշադրութիւն դարձնել արարողութեան ծաւալին եկեղեցիներու ճարտարապետութեան մէջ։ Քահանայապետը յորդորեց վերակենդանացնել եւ ամրապնդել ծխական պաշտամունքային խումբերը, որոնք պէտք է ներդաշնակութեամբ աշխատին թեմական յանձնախումբին հետ։ «Ծէսին նուիրուած անձերուն խումբի մը փորձառութիւն,՝ թէեւ փոքր, բայց լաւ հիմնաւորուած որ կը զբաղի ծէսին պատրաստութեամբ արտայայտութիւնն է համայնքի մը, որ կը խնամէ իր արարարողութիւնները, կը պատրաստէ հասարակութեան անդամները՝ ժողովրդապետին հետ համաձայնութեամբ»։

Լեւոն ԺԴ. Խօսքը աւարտեց մաղթելով դասընթացքի մասնակիցներուն, որ Յոբելեանական Սուրբ Տարուան մէջ Հռոմի մէջ իրենց ճամբորդութիւնը նորոգէ իրենց հոգեւոր ուժերը, թոյլ տալով որ վերադառնան իրենց տեղական Եկեղեցիներ՝ ծէսի ծառայութեան համար նորոգուած թափով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 11:01