Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապն ու  Եկեղեցական ատեանի դասընթացքի հետեւորդները Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Եկեղեցական ատեանի դասընթացքի հետեւորդները  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցւոյ մէջ «հոգիներու փրկութիւնը» կը մնայ գերագոյն օրէնքը

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Եկեղեցական Ատեանի դասընթացքի մասնակիցներուն։ Դատավարական բարեփոխումները՝ թէեւ նպատակ ունին ըլլալու հասանելի եւ արագ, սակայն պէտք է պահպանեն ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը եւ ապահովեն արդար ընթացակարգ մը, որ կ’արժեւորէ կողմերու մասնակցութիւնը եւ դատաւորին անկողմնակալութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հռոմի եկեղեցական ատեանի նախաձեռնութեամբ կազմաւորման դասընթացքին մասնակիցները, որ կեդրոնացած է Եկեղեցւոյ դատական ծառայութեան մէջ, մասնաւորաբար ամուսնութեան անվաւերութեան դատավարութեան նկատմամբ, եկեղեցաբանական, իրաւական եւ հովուական ծաւալներուն համալրման կարեւորութեան վրայ։

Քահանայապետը յիշեցուց Ֆրանչիսկոկոս Պապին կողմէ առաջ մղուած բարեփոխումին տասներորդ տարեդարձը, ընդգծելով թէ այդ այդ բարեփոխումի տեսակետերը լրացուցիչ են եւ ոչ թէ զատուած բաժիններ, քանի որ բոլորն ալ կը նպաստեն ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հոգիներու խնամքին։

Քահանայապետը շեշտեց թէ եկեղեցական ատեանի գործառոյթը, որ կ’իրականացուի հեզութեամբ եւ ողորմութեամբ, ծառայութիւն մըն է անձերու ճշմարտութեան եւ փրկութեան համար, արմատացած Քրիստոսի իշխանութեան մէջ եւ թէ դատավարութիւնը պէտք է ըլլայ արդարութեան եւ ողորմութեան գործիք մը եւ ոչ միայն տեքնիկական։ Ան յիշեցուց նաեւ թէ ամուսնութիւնը, որ Աստուծոյ պարգեւն է եւ ընտանեկան միութեան հիմը, կը պահանջէ իսկական եւ իրատեսական իմացատրում՝ անվաւերութեան պատճառներուն մէջ, միշտ ուղղուած ճշմարտութեան եւ եկեղեցական հանրային բարիքի պաշտպանութեան։

Դատավարական բարեփոխումները, թէեւ նպատակ ունին ըլլալու հասանելի եւ արագ, սակայն պէտք է պահպանեն ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը եւ ապահովեն արդար ընթացակարգ մը, որ կ’արժեւորէ կողմերու մասնակցութիւնը եւ դատաւորին անկողմնակալութիւնը։

Դատավարութիւնը, իր տեքնիկական գործառոյթէն զատ, ունի ուժեղ հովուական արժէք, ըլլալով ընտանեկան հովուութեան եւ հոգիներու փրկութեան ճամբուն անբաժանելի մասը։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով խորացնելու եկեղեցաբանական, իրաւական եւ հովուական գործակցութիւնը, Եկեղեցւոյ մէջ վկայելու համար թէ «salus animarum - հոգիներու փրկութիւնը» կը մնայ գերագոյն օրէնքը եւ մաղթեց թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը միշտ աւելի փայլուն ըլլան Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ անոնց՝ որոնք կը գործեն ամուսնական դատավարութիւններուն մէջ։ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2025, 10:46