Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Լեւոն ԺԴ.   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Միացուցէք յոյսը հաւատքի առաքինութեան

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած խումբ մը ուխտաւորներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 24 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լեթոնիայէ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած խումբ մը ուխտաւորները։

«Ուրախ եմ բոլորդ ողջունելու ձեր ուխտագնացութեան այս Յոբելենական Տարին, մանաւանդ որ անիկա կը կայանայ Հռոմ տեղի ունեցած Լաթուիայի առաջին պաշտօնական ուխտագնացութեան հարիւրամեակին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու գնահատանքը յայտնեց ուխտագնացութեան աւանդութիւնը կենդանի պահելուն համար ու հրաւիրեց հետեւելու իրենց նախահայրերուն հաւատքի օրինակին։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը նշեց, որ Հռոմը բոլոր քրիստոնեաներուն տունն է յիշեցնելով, որ այստեղ Պետրոս եւ Պօղոս մեծ առաքեալները տուին Աւետարանին իրենց գերագոյն վկայութիւնը, նահատակ դառնալով իրենց հաւատքին համար ու մաղթեց, որ ուխտաւորները ոգեշնչուին այս սուրբերէն եւ Հռոմի մէջ գտնուող իրենց վայրերէն, յիշելով թէ անոնք ցոյց տուին, որ յոյսը չի ամչնացներ չնայած իրենց կացութիւններուն անորոշութեան եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց 2018 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապին Լաթուիա այցելութիւնը՝, «ձեր ազգին անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ ու անդրադարձաւ ձեր Երկրին անցեալին ապրած դժուարութիւններուն ու ձեր տարածաշրջանին մէջ տիրող ներկայ բախումը կրնայ յիշեցնել այդ խռովայոյզ ժամանակները. կարեւոր է որ մենք դիմենք Աստուծոյ եւ զօրանանք Անոր շնորհքով, երբ որ կը դիմագրաւենք նման տառապանքներ»

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ յոյսի նուիրուած Յոբելինական Սուրբ Տարուան նշելով «Յոյսը, որ այս տարուան Յոբելեանին կեդրոնական թեման է, չի նշանակեր ունենալ բոլոր պատասխանները, այլ ընդհակառակը, կը հրաւիրէ մեզի մեր վստահութիւնը դնել Աստուծոյ վրայ եւ հետեւիլ Քրիստոսին առաւել մօտէն»

Մինչ յոյսը մեզի կ'ուրախացնէ, մենք միաժամանակ պէտք է զայն միացնենք հաւատքի առաքինութեան, որպէսզի մեր հայեացքը ներկային վրայ պահենք եւ տեսնենք այն բազմաթիւ կերպերը, որոնցով Աստուած մեզ կ'օրհնէ այստեղ ու հիմա», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով «ուխտագնացութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, քանի որ մեզի կու տայ ժամանակ ու տարածք՝ Աստուծոյ հետ աւելի խորունկ հանդիպում ունենալու համար։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց մաղթելով, որ ուխտաւորները երբ իրենց հայրենիքը վերադառնան յիշեն, որ ուխտագնացութիւնը չի աւարտիր, այլ որ անոր սերմերը պէտք է արմատանան առօրեայ առաքելութեան մէջ եւ պտուղ տան իրենց ապրած կեանքին (տես՝ Յովհ. 15, 16)։ «Այսպիսով, Լաթուիայի մէջ Եկեղեցին անշուշտ կը շարունակէ մնալ ուրախութեան եւ յոյսի աղբիւր բոլոր լաթվիացիներուն համար։

Սիրելի բարեկամներ, այս քանի մը խօսքերով եւ ձեզ յանձնելով Եկեղեցւոյ Մայրը՝ Մարիամի բարեխօսութեան, սիրայօժար կը պարգեւեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին իմ ջերմ օրհնութիւնս» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 12:25