Նիկիոյ ժողովէն մինչեւ նոր մարտահրաւէրներ. Լեւոն ԺԴ. Պապը կը գնահատէ Աստուածաբանական յանձնաժողովի դերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը իրենց տարեկան լիագումար նիստի առիթով առաջին անգամ հանդիպեցաւ Միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամներուն ու անոնց ուղղած պատգամին մէջ ընդգծեց յանձնաժողովին վճռորոշ դերը վարդապետական եւ մշակութային նոր մարտահրաւէրներուն զատորոշումին մէջ, քաջալերելով աստուածաբանները՝ գործելու հաւատքի աւանդութեան հաւատարմութեամբ եւ յառաջ տանելու քրիստոնէական միութիւնը։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աստուածաբանական յանձնաժողովի կողմէ կատարուած աշխատանքին համար՝ իր հիմնադրումէն ի վեր՝ Սուրբ Պօղոս Զ-ի կողմէ 1969-ին, բարձր գնահատելով յատկապէս Նիկիոյ Ժողովի 1700-ամեակին առիթով հրապարակած փաստաթուղթը. «Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, Փրկիչը» վերտառութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ ինչպէս այս կարեւոր փաստաթուղթը ոգեշնչում աղբիւր պիտի ըլլայ համամիութենական երկխօսութեան համար ու նշեց թէ, որ Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք իր մօտալուտ Առաքելական Ճամբորդութիւնը պիտի ներառէ ուխտագնացութիւն դէպի Իզնիք (հին Նիկիա)՝ յիշատակելու համար Նիկիոյ ժողովը եւ Աստուծմէ խնդրելու միութեան եւ խաղաղութեան պարգեւը Եկեղեցւոյ համար։
Աստուածաբանութեան Առաքելութիւնը զատորոշումի մէջ
Լեւոն ԺԴ-ը հրաւիրեց Աստուածաբանական յանձնաժողովը շարունակելու իր առաքելութիւնը՝ խորացումներ եւ ուղղութիւններ տրամադրելու Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան եւ Եպիսկոպոսաց դասին, ու վերահաստատեց «նոր իրողութիւններուն» անդրադառնալու կարեւորութիւնը, որոնք կը յատկանշեն մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ ընթացքը, Հռչակելով Աւետարանը «ստեղծագործական հաւատարմութեամբ»։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ Սուրբ Հոգին ՝Մխիթարիչը, կը լուսաւորէ միտքը եւ կը փոխակերպէ պատմութիւնը Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ աստուածաբանութեան պարտականութիւնը կը կայանայ՝ որպէս scientia fidei (հաւատքի գիտութիւն), գնահատելու, խորհրդածելու եւ տարածելու մէջ Քրիստոսի յաւերժական լոյսը փոփոխական աշխարհէն ներս։
Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց աստուածաբանական հարուստ եւ հիմնական երեք կէտերու վրայ
Հաւատքի Կաթողիկէութիւնը. Ան նշեց թէ Խորհրդածութիւնները պէտք է հարստանան տեղական Եկեղեցիներու բազմազան փորձառութիւններով։ Աստուածաբանական յանձնաժողովին անդամները պատկանելով տարբեր ազգերուն եւ մշակոյթներուն կրնան աւելի լաւ ընկալել ներկայիս մարդոց նոր խնդիրներն ու ձգտումները։
Միջ- եւ Անդր-կարգապահական Երկխօսութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Անհրաժեշտ է յառաջ տանիլ զանազան գիտելիքներու եւ կարողութիւններու հետ բաղդատումը, ինչպէս մաղթուած է Veritatis gaudium-ը փաստաթուղթին մէջ։Այս երկխօսութիւնը վճռորոշ է մշակոյթներու աւետարանացումը արդիւնաւէտօրէն շարունակելու համար։ Քահանայապետը յիշեցուց, որ չկայ գիտութիւն մը, որ աստուածաբանութիւնը կրնայ անտեսել, ոչ ալ , գիտութիւն որ հաւատքը չկրնար լուսաւորել։
Աղօթք եւ Հոգեւոր Փորձառութիւն։ Քահանայապետը ապա Հրաւիրելով Աստուածաբանները ընդօրինակելու Եկեղեցւոյ Վարդապետները (ինչպէս Օգոստինոս, Պոնաւենդուրա, Թովմաս), յիշեցուց, որ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնը միշտ պէտք է կապուած ըլլայ աղօթքին եւ հոգեւոր փորձառութեան։
Նորին Սբրութիւնը պատգամը աւարտեց նշելով «համապարփակ ուսումնասիրութեամբ, դուք կանչուած էք ձեր արժէքաւոր ներդրումը բերելու այն մարտահրաւէրներուն զատորոշման եւ լուծումներուն, որոնք կը յուզեն թէ՛ Եկեղեցին, թէ՛ ամբողջ մարդկութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
