Լեւոն ԺԴ. կրօնաւորներուն. Իրական յարաբերութիւնները մի՛ փոխարինէք թուայինով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 26 նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ընդհանուր Մեծաւորներուն Միութեան 104րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցները, որ տեղի ունեցաւ «Կապուած Հաւատք. Աղօթքը Ապրիլ թուայնացեալ դարուն» նիւթով։
Այս առթիւ արտասանած Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց որ անցեալին Ինքն ալ Ընդհանուր Մեծաւորներու միութեան պաշտօնը վարած է ու ընդգծեց Եկեղեցիին բարիքին համար ընդհանուր զատորոշումի կարեւորութիւնը ապա Իր անդրադարձը կեդրոնացուց կրօնական կեանքի համար երեք կենսական կէտերու վրայ. Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, եղբայրներուն հետ հանդիպումը եւ թուայնացեալ աշխարհի հետ համեմատութիւնը
Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց, որ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը հիմնական է, հրաւիրելով մշակելու աղօթքը իբրեւ հանդիպման եւ Աստուածային սիրոյն վստահելու տարածք մը, որ կը սնուցանէ առաքելութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ եղբայրներուն հետ հանդիպման կարեւորութիւնը, իբրեւ հաղորդակցութեան եւ եղբայրութեան տարր մը ու հրաւիրեց ապրելու ընդհանրականութիւնը իբրեւ իսկական համայնքային մօտիկութիւն մը։
Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը քննարկեց թուայնացեալ արհեստավարժութեան դերը, ճանչնալով հաղորդակցութեան եւ առաքելութեան համար անոր ընձեռած կարելիութիւնները, բայց նաեւ՝ մակերեսայնութեան եւ իսկական յարաբերութիւնը կորսնցնելու վտանգները։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց մեծաւորները պահպանելու իսկական հանդիպման տարածքները եւ հաւասարակշռուած կերպով որդեգրելու աւանդական եւ թուայնացեալ միջոցները, կենդանի պահելով Աստուծոյ հետ եւ անդամներուն միջեւ յարաբերութիւնը, իրենց աւետարանական ինքնութեան յարգանքով։
«Որպէս մեծաւորներ դուք պարտականութիւնը ունիք նաեւ այս ոլորտին մէջ պահպանելու եղբայրութիւնն ու հաղորդակցութիւնը, զգուշանալով որպէսզի թեքնիքական միջոցները վտանգի տակ չդնեն յարաբերութիւններու իսկութիւնը, եւ ոչ ալ կրճատեն զանոնք մշակելու համար անհրաժեշտ տարածքները։Մասնաւորապէս, կ’ուզեմ ընդգծել, որ հաղորդակցութեան աւանդական միջոցները, ինչպէս Ժողովները, Խորհուրդները, Կանոնական Այցելութիւնները եւ ձեւաւորման պահերը չեն կրնար մնալ «հեռակայ» կապերու ոլորտին մէջ։ Միասին գտնուելու, զրուցելու եւ յանդիմանելու աշխատանքը մեր աւետարանական ինքնութեան անբաժանելի մասն է» ընդգծեց Սրբազան Հայրը ու Իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ինչպէս նաեւ ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
