Լեւոն ԺԴ. Պետրոսի վէմէն, «Տիրոջ ծառայութեան դպրոցը». Սուրբ Անսելմոյի մարգարէական դերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի Սան Անսելմօ եկեղեցւոյ մէջ, երեքշաբթի, 11 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը հինգին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը գլխաւորեգ Պենետիկտեան Հայրերուն յանձնուած Հռոմի Ավենթինօ շրջանի Սուրբ Անսելմոս Եկեղեցւոյ օծման 125 ամեակի պատարագը։
«Դուն ես Պետրոսը, ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս» (Մատթ. 16,18)։ Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք լսեցինք Յիսուսի այս խօսքերը, մինչ կը յիշենք այս եկեղեցիին օծումի 125-ամեակը, որուն կառուցումը շատ ցանկացած էր Լևոն ԺԳ-ը։ Իր դիտաւորութեամբ, այս կառուցումը ու անոր կից գտնուող միջազգային վարժարանին հետ միասին պէտք էր նպաստէր Պենտիկտեան ներկայութեան զօրացման՝ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ՝ Պենեիկտեան համադաշնակցութեան մէջ միշտ աւելի մեծ միութեան միջոցաւ, նպատակ մը որուն համար դարձաւ նաեւ Աբբահօր նստավայրը։ Եւ ատիկա ,որովհետեւ Ան Լեւոն ԺԳ համոզուած էր, որ ձեր հին Ուխտը կրնայ մեծ օգնութիւն ըլլալ Աստուծոյ բոլոր Ժողովուրդին բարիքին համար՝ մարտահրաւէրներով լեցուն պահու մը, ինչպէս ԺԹ-էն Ի-րդ դարերու անցումը» ըսաւ Սրբազան հայրը իր արտասանած քարոզին սկիզբը։
Վականանութիւնը
Խօսքը կեդրոնացնելով վանական կեանքի վրայ, Քահանայապետը յարեց, որ իր ակունքներէն իսկ, վանականութիւնը ստեղծած է աղօթքի, աշխատանքի եւ ողորմութեան օճախներ հեռաւոր վայրերու մէջ, անապատացած տարածքները վերածելով բերրի հողերու՝ տնտեսապէս եւ հոգեպէս ու Սուրբ Անսելմոսի համալիրը՝ վանքը, ծիսական Հիմնարկը եւ հովուական ծառայութեան գործունէութիւնները պէտք է գործեն ներդաշնակութեամբ, աճելով որպէս «Տիրոջ Ծառայութեան իսկական դպրոց, ըսաւ քահանայապետը մաղթելով որ այս համալիրը դառնայ Պենետիկտեան աշխարհի « Բաբախող սիրտը», ուր եկեղեցին կեդրոն կը հանդիսանայ։
Խորհրդանշաններ եւ կոչումը✨
Քարոզի մէջ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ Առաջին Ընթերցումը (Եզ 43,1-2.4-7) մեզի ներկայացուց Տաճարէն բղխող գետին պատկերը։ Այն շատ լաւ կը ներդաշնակուի սրտին պատկերին հետ, որ մարմնի մէջ արեան կենսատու հիւթը կը մղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր անդամ կարենայ սնունդ եւ զօրութիւն ստանայ ուրիշներուն օգուտին (Ա. Կոր 12,20-27). ինչպէս նաեւ հոգեւոր կառոյցի պատկերին հետ, որուն մասին երկրորդ ընթերցումը մեզի խօսեցաւ, հիմնուած այն ամուր վէմին վրայ, որ Քրիստոս է, (Պետ 2,4-9)։
Գիտութիւն եւ Խոնարհութիւն
Մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, Քահանայապետը շեշտեց, որ աստուածային խորհուրդներուն մասին գիտութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է խոնարհներուն եւ հաւատացեալներուն։ Ասիկա է մարգարէական պատգամը, որ միաբանութիւնը պէտք է սփռէ Եկեղեցիին ու աշխարհին, ի կատարումն Աստուծոյ հրաշալի գործերը հռչակելու առաքելութեան (Ա. Պետրոս 2,9)։ Այս տօնակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ ինչպէս Պետրոս Առաքեալը, եւ անոր հետ միասին Պենետիկտոսը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, մենք եւս կրնանք պատասխանել ստացած կոչումին պահանջներուն, միայն Քրիստոսը մեր գոյութեան ու առաքելութեան կեդրոնը դնելով, սկսելով հաւատքի այն արարքէն, որ կը ստիպէ մեզ ճանչնալ Զինք որպէս Փրկիչ եւ զայն թարգմանելով աղօթքի, ուսումնասիրութեան, սուրբ կեանքի նուիրումի մէջ։
Դուռ դէպի Յաւիտենականութիւնը
Լեւոն ԺԴ. Քարոզին մէջ նշեց, որ Օծումը այն հանդիսաւոր արարքն է, որուն ընթացքին սուրբ շէնքը կ՝օծուի որպէս մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ հանդիմումի վայր մը. դուռ մը բաց դէպի յաւիտենականութիւնը։
Եկեղեցին որպէս Մարդկային եւ Աստուածային Իրողութիւն
Վկայակոչելով Երկրորդ Վատիկանեան Ժողովը, Լեւոն ԺԴ յիշեցուց, որ Եկեղեցին «մարդկային եւ աստուածային տեսանելի, բայց անտեսանելի իրողութիւններով օժտուած» իրողութիւն մըն է, ուր մարդկայինը ենթակայ է աստուածայինին, իսկ գործունէութիւնը՝ հայեցողութեան։
Սէրը կը նախորդէ
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ կ՝անչուած ենք փնտռելու Յիսուսը՝ «Քրիստոսը, Կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս 16,16), եւ Զինք բերելու բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք։ Եկեղեցին պէտք է դառնայ ուրախութեան վայր մը, ուր կ՝ապրուի ստացուած պարգեւները կիսելու գեղեցկութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց խրախուսելով որ սուրբ Անսելմլոյo տաճարը միշտ ուրախութեան վայր դառնայ, ուր կը փորձարկուի ուրիշներուն հետ բաժնելու գեղեցկութիւնը՝ այն ինչ որ ձրի ստացուած է։ (հմմտ. Մտ 10,8):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
