Որոնել

Ռոպոթիքա, արհեստական բանականութիւն Ռոպոթիքա, արհեստական բանականութիւն  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը. Մարդկային արժանապատուութիւնը՝ արհեստական բանականութեան դիմաց

Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ շեշտը դրաւ թուայնային յեղափոխութեան բարիքներուն վրայ զգուշացնելով անոր կործանարար ներուժէն եւ ընդգծելով բժիշկ-Հիւանդ անձնական յարաբերութեան անփոխարինելիութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց 10էն-11 նոյեմբերին, «Արհեստական Բանականութիւնը եւ Բժշկութիւնը. Մարդկային Արժանապատուութեան Մարտահրաւէրը» խորագիրով Միջազգային Համագումարի մասնակիցներուն, բարձր գնահատելով համագումարի ընտրուած նիւթը ու շեշտելով, որ «Թուայնային յեղափոխութիւնը կեդրոնական դեր կը խաղայ ձեւաւորելու մէջ այն, ինչ Ֆրանչիսկոս Պապը «դարաշրջանային փոփոխութիւն» անուանած է»։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ մեքենաներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնները կարող են մեզ մղել՝ կորսնցնելու մեր շուրջ գտնուող մարդոց դէմքերը եւ մոռնալու, թէ ի՛նչն է ի իսկապէս մարդկայինը, ընդգծելով «Անտարակոյս է, որ արհեստագիտական զարգացումը մեծապէս օգտակար եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ մարդկու համար, մասնաւորապէս բժշկութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ»։

Մարդկային Արժանապատուութիւնը Առաջնահերթութիւն

Իսկական յառաջդիմութիւն ապահովուելու համար Քահանայապետը շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ընդհանուր բարիքը պէտք են մնան ամենաթունդ առաջնահերթութիւն ու զգուշացուց, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ կործանարար ըլլալ, եթէ ծառայէ հակամարդկային գաղափարախօսութիւններուն, բայց կրնայ նաեւ փոխակերպիչ եւ օգտակար ըլլալ՝ եթէ իսկապէս ծառայէ մարդուն։

Առողջապահութեան մասնագէտներու դերակատարութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց բժշկութեան մէջ արհեստական բանականութեան ներուժի ուսումնասիրումը յիշեցնելով մարդուն «գոյաբանական արժանապատուութիւնը ու ընդգծելով, որ առողջապահութեան մասնագէտները մարդկային կեանքի պահապաններն ու ծառաներն են, յատկապէս անոր ամենախոցելի փուլերուն մէջ։ Այս նոյնը կը վերաբերի նաեւ արհեստական բանականութեան գործածութեան համար պատասխանատուներուն:

Անձնական յարաբերութեան անփոխարինելիութիւնը

Բժշկական մասնագիտութիւնը չի կրնար զուտ խնդիր մը լուծելու վերածուիլ. ան կը պահանջէ յարաբերելու եւ մօտիկ ըլլալու կարողութիւն: Արհեստագիտական սարքերը երբեք պէտք չէ վնասեն հիւանդներուն եւ բժիշկներուն միջեւ եղած անձնական յարաբերութեան, նշեց Սրբազան հայրը ապա Հաշուի առնելով տնտեսական մեծ շահերը կարեւոր նկատեց լայն համագործակցութիւն մը խթանել բժշկութեան եւ քաղաքականութեան մէջ աշխատող բոլորին միջեւ՝ ազգային սահմաններէն անդին ու այս առնչութեամբ իր ուրախութիւն յայտնեց, որ համաժողովին ներկայ են տարբեր մայրցամաքներէ եւ ծագում ունեցող բանախօսներ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով համագումարի մասնակիցներուն ու հայցելով բոլորին վրայ Ամենակարող Աստուծոյ Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2025, 11:01