Լեւոն ԺԴ. Քրիստոսն է բեւեռային աստղը, որ իմաստ եւ ուղղութիւն կու տայ դաստիարակչական գործընթացին:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Մատրիտի մէջ գումարուած «Առանց ինքնութեան չկայ դաստիրակութիւն» խորագիրով համագումարին մասնակիցներուն
Պատգամին մէջ Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց դաստիարակներուն նուիրումին համար, թուայնացած եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջանին մէջ: Նորին Սրբութիւնը նշեց որ դաստիրակներուն առաքելութիւնը՝ ծառայելով Եկեղեցիին, կենսական խմոր է նոր սերունդներուն եւ հաւատքի համայնքներուն համար ու մանկավարժական մօտեցումներու եւ շնորհներու բազմազանութիւնը կը նպաստէ քրիստոնէական փայտեա-ի (paideia-ի) հարստութեան:
Քրիստոնէական ինքնութեան կեդրոնականութիւնը
Քահանայապետը շեշտեց, որ քրիստոնէական ինքնութիւնը կրթութեան կեդրոնն է եւ ոչ թէ պարզ զարդարանք. այլապէս՝ անիկա այն բուռնն է, որ կ՚ուղղորդէ ամէն մանկավարժական գործելակերպ ու Քրիստոսն է բեւեռային աստղը, որ իմաստ եւ ուղղութիւն կու տայ դաստիարակչական գործընթացին:
Նորին Սրբութիւնը նշեց որ կրթական ինքնութիւնը պէտք է ըլլայ կենդանի եւ ներառուած մեթոտի, ծրագիրի եւ համայնքի մէջ, զայն չնուազեցնելով մակերեսային ծէսերու, որոնք կրնան դատարկել մանկավարժական աշխատանքի իմաստը: Մշակութային, բարոյական եւ ընկերային լարումներու այս ժամանակներուն, կարեւոր է ամուր պահել արմատներու զգացումը եւ պատմական յիշողութիւնը, ինչպէս կը շեշտէ Մարիա Զամպրանոն, որ կը յորդորէ ճանչնալ արմատներու կարեւորութիւնը ներկային եւ ապագային մէջ, նշեց Սրբազան Հայրը
Հաւատք եւ Բանականութիւն
Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծեց, թէ ճշմարիտ կրթութիւնը կը խթանէ հաւատքին եւ բանականութեան միաւորումը, զանոնք նկատելով որպէս լրացուցիչ ուղիներ իրականութիւնը հասկնալու, նկարագիրը ձեւաւորելու եւ խելքը զարգացնելու համար: Կրթական համայնքը, որպէս «տուն» դիտուած, պէտք է յառաջ տանի ընտանիքի, ծխական եկեղեցիի, դպրոցի եւ շրջակայքի միջեւ համագործակցութիւնը, որպէսզի ամէն աշակերտի ուղեկցի իր հաւատքի եւ սորվելու ընթացքին մէջ:
Մայր Եկեղեցին եւ խաղաղութեան դաստիարակութիւնը
Եկեղեցին Տիեզերական ժողովովներուն փաստաթուղթերու համաձայն կը կրէ մայրական դեր, կը ծնի հաւատացեալներ եւ բաց է համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան մէջ նպաստելով խաղաղութեան եւ արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի դաստիարակութեան մը, նշեց ՍրբազաՆ Հայրը ապա յղում կատարելով Gravissimum educationis փաստաթութին, որուն 60-ամեակն է յիշեցուց որ քրիստոնէական կրթութիւնը հիմնական դեր ունի մարդկային կեանքի յառաջդիմութեան եւ զարգացման մէջ, ցամաքային եւ գերբնական ծաւալները միաւորելով:
Եկեղեցւոյ պատկերը, որպէս մայրը առաջնորդ եւ ուսուցիչ կ՝ընդգծէ իր դերը մարդկային եւ հոգեւոր արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ փոխանցելու մէջ, ունենալով կրթական գործունէութիւն, որ կը գերազանցէ մարդասիրութիւնը, ներկայացնելով իր ինքնութեան եւ առաքելութեան էական մասը, նշեց Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց քաջալերելով քաջութեամբ, յոյսով եւ սէրով աշխատելու, շնորհակալութիւն յայտնելով դաստիրակներուն մատուցած ծառայութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
