Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (KEMAL ASLAN)

Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Թուրքիայէն մեկնեցաւ Լիբանան

Վերջ գտաւ Լեւոն ԺԴ. Ի Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700ամեակին առթիւ Նիկիա ուխտագնացութիւնը եւ Թուրքիա առաքելական ճամբորդութիւնը։ Կէսօրէն ետք՝ ժամը 15,45-ին սկիզբ առաւ Քահանայապետին դէպի Լիբանան առաքելական այցելութիւնը։ Աւանդութեան համաձայն Քահանայապետը հեռագիրները ուղղեց օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներուն նախագահներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 30 նոյեմբերին, Կ. Պոլսոյ Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը մասնակցեցաւ Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեամբ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին՝ նախագահութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի։ Պատարագի աւարտին՝ երկու Եկեղեցապետերը համամիութենական օրհնութիւն շնորհեցին պատրիարքարանի պատշգամէն։ Աղօթքէն ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը կէսօրուան ճաշը կիսեց Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ՝ Պատրիարքարանին մէջ, որուն աւարտին տեղական ժամանակացոյցով 13,45ին, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի միջազգային օդակայան՝ սկիզբ տալու համար Լիբանանի առաքելական ուղեւորութեան։

Իսթապուլի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետին ի պատիւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւն, պատուիրակութիւններուն միջեւ ողջոյնի փոխանակում։ Դէպի Լիբանան թռիչքի ընթացքին աւանդութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը հեռագիրներ ուղղեց օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներուն նախագահներուն, որոնց շարքին Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի նախագահները

Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագրին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց.

«Մենք ձեր երկիրը ձգելով՝ Լիբանան իմ առաքելական ճամբորդութիւնս սկսելու համար, կը նորոգեմ իմ ամենաջերմ բարեմաղթութիւններս եւ կ՝արտայայտեմ իմ խորին շնորհակալութիւնս ձերդ բարձր գերազանցութեան, իշխանութիւններուն եւ Թուրքիոյ ժողովուրդին այս օրերուն ինծի ցուցաբերած ընդունելութեան եւ առատաձեռն հիւրընկալութեան համար։ Ապահովուելով, որ միշտ ձեզ կը յիշեմ աղօթքներուս մէջ, կը հայցեմ Ազգին վրայ եղբայրական եւ խաղաղութեան Աստուածային օրհնութիւնները»։

Մինչ՝ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Քահանայապետը նշեց հետեւեալը. «Մինչ Կիպրոսի վրայ թռչելով՝ Լիբանան ճամբորդութեանս առթիւ, իմ ջերմ ողջոյններս կը փոխանցեմ ձերդ գերազանցութեան եւ քաղաքացիներու։ Հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնները կ՝աղօթեմ, որ Ան իւրաքանչիւրիդ շնորհէ միութեան եւ համերաշխութեան պարգեւները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2025, 14:30