Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Թուրքիա Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Թուրքիա  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաժեշտ առաւ Անգարայէն ու թռիչքով փոխադրուեցաւ Իսթանպուլ

Անգարան այցելելէ ետք Քահանայապետը մեկեցաւ Իսթանպուլ ու փոխադրուեցաւ Առաքելական նուիրակութիւն վերջ տալով Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագրին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Թուրիքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Անգարայի մէջ քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 3,30ին, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Կրօնական գործերու նախագահութեան գործակալութիւն (Diyanet), որ հիմնուած է 1924ին։Գործակալութիւնը կը գտնուի Նախագահի գրասենեակի ենթակայութեան տակ եւ կը քարոզէ Սուննի Իսլամի ուսմունքներն ու գործնականութիւնները։

Գործակալութիւն ժամանումին Քահանայապետը դիմաւորեց Կրօնական գործերու նախագահը, ունենալով անոր հետ կարճ զրոյց մը գործակալութեան յատուկ գրասենեակին մէջ։ Սաֆի Արփաղուշը, Կրօնական Գործերու Նախագահն է՝ 2025ի Սեպտեմբեր 18էն ի վեր։ Ան նախապէս 2021էն 2025 թուականներուն եղած է Իսթանպուլի Մուֆթին։

Կրօնական Գործերու Նախագահին հետ Հանդիպելէ ետք Քահանայապետը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Առաքելական Նուիրակութիւնը, ուր ընդունուեցաւ նուիրակութեան անձնակազմի կողմէ ապա ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Անքարայի Էսէնպոկա օդակայան։ Նորին Սրբութիւնը Իսթանպուլի միջազագային օդակայանը հասաւ տեղական ժամով երեկոյեան 7,45ին ու դիմաւորուեցաւ տեղական իշխանութեան կողմէ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին Թուրքիոյ առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը աւարտեցաւ Իսթանպուլի Առաքելական Պատուիրակութիւնը ժամանումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2025, 15:54