Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լեթոնիայի վարչապետուհին Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լեթոնիայի վարչապետուհին  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լաթուիայի վարչապետը Տիկ. Էվիքա Սիլինա

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապի եւ Լաթուիայի վարչապետին հետ հանիդպումի վերաբերեալ։ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Լաթուիայի Հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը, երկուշաբթի, 24 նոյեմբերին, ընդունեց Լեթոնիայի հանրապետութեան վարչապետ, Տիկ էվիքա Սիլինա։ Վարչապետը ապա հանիդեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ նշուած է որ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռին եւ Լաթուիայի Հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար, ընդգծելով քրիստոնէական հաւատքի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան դրական ներդրումը Լաթուիական հասարակութեան մէջ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթի հարցերու, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին խաղաղութեան հեռանկարներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 12:42