Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահի հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 նոյեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Տիար Շիրիք Ռամաֆոզա ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ կը նշուի թէ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին արժէքաւորուեցաւ Հարաւ Ափրիկեան հասարակութեան մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառուցողական ներկայութիւնը, մանաւանդ կրթական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ, որոնց գործունէութիւնը կը նպաստէ երկխօսութեան եւ հաշտութեան ճամբան բանալուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2025, 13:55