Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերուն ծերանոցը. Տարեցները՝ ժողովուրդի իմաստութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իսթանպուլի մէջ հանդիպումներէ ետք, այցելեց Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերուն Ծերերու ծերանոցը, որ հիմնուած է Սուրբ Յովաննա Ժիւկանէն կողմէ 1839-ին, 123 տարուան պատմութիւն ունի՝ իբր կենդանի վկայութիւն կարիքաւոր ծերերուն մատուցուած սիրոյ եւ ծառայութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 28 նոյեմբերին, Իսթանպուլի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը տեղական եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու հովուական գործիչներուն հետ հանդիպելէ ետք, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան 10,30ին, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերուն ծերանոցը։

Նշենք, թէ Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերը, 123 տարիէ ի վեր, կարիքաւոր ծերերուն ցուցաբերուած սիրոյ եւ ծառայութեան կենդանի վկայութիւն մըն են։ Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերը միջազգային Միաբանութիւն մըն են՝ հիմնուած 1839 թուականին Սուրբ Յովաննա Ժիւկանէն կողմէ, որոնք ներկայիս գործունէութիւն կը ծաւալեն աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ծերանոցին մուտքին ընդունուեցաւ Միաբանութեան մեծաւորին կողմէ, ապա անոնք միասին փոխադրուեցան Տան Մատուռը, ուր ներկայ եղան ծերանոցի աշխատողները, խնամուողները եւ բարերարները (մօտաւորապէս 100 անձ)։

Տան տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը իր սիրտի խօսքը ուղղեց ըսելով.

«Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բարի գալուստի խօսքերուն եւ հիւրընկալութեան համար։ Հիւրընկալութիւնը այս տան պարգեւն է։ Պարգեւ մը, որ կը յառաջանայ Աստուծմէ եւ որ կ'աճի Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերուն, աշխատողներուն ու բարերարներուն եւ նաեւ բոլոր հիւրերուն կողմէ, իրենց ամենօրեայ համակեցութեան մէջ։ Շնորհակալ եմ բոլորին։

Կ'ուզեմ ձեզի երկու պարզ մտածումներ աւանդել.

Առաջինը կը բխի ձեր անունէն, սիրելի Քոյրեր. դուք կը կոչուիք «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրեր», Գեղեցիկ անուն մը, որ մտածել կու տայ։ Այո՛, Տէրը ձեզ միայն չէ կանչած աղքատներուն օգնելու կամ աջակցելու համար։ Ձեզ կանչած է անոնց «քոյրը» ըլլալու։ Ինչպէս Յիսուս, որուն Հայրը մեզի ղրկեց ոչ միայն մեզ օգնելու եւ ծառայելու, այլ մեր Եղբայրը ըլլալու համար։ Այս է քրիստոնէական սիրոյ գաղտնիքը. ուրիշներուն համար ըլլալէ առաջ, ուրիշներուն հետ ըլլալ, եղբայրութեան վրայ հիմնուած համատեղ կեանքի մը մէջ։

Երկրորդ մտածումը ինծի կը թելադրէք դուք, սիրելի հիւրեր այս տան։ Դուք ծերեր էք։ Եւ այս «ծեր» բառը այսօր կը վտանգուի կորսնցնելու իր ամենաճշգրիտ իմաստը շատ մը հասարակական միջավայրերու մէջ, ուր կ'իշխէ արդիւնաւէտութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, կորսուած է ծերունիներուն նկատմամբ յարգանքի իմաստը։ Իսկ Սուրբ Գիրքը եւ բարի աւանդոյթները մեզի կը սորվեցնեն, որ – ինչպէս Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս կը սիրէր կրկնել – ծերունիները ժողովուրդի մը իմաստութիւնն են, հարստութիւն թոռներուն, ընտանիքներուն, ամբողջ հասարակութեան համար։

Եւ ուրեմն կրկնակի շնորհակալութիւն այս Տան, որ կը հիւրընկալէ եղբայրութեան անունով եւ զայն կ'ընէ ծերունիներուն հետ։ Սա – գիտենք – դիւրին չէ, կը պահանջէ շատ համբերութիւն եւ շատ աղօթք։ Հետեւաբար, հիմա աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի ձեզի ընկերակցի եւ զձեզ պահէ, եւ կանչենք իր Օրհնութիւնը»։

Փոքրիկ քոյրերուն միաբանութեան ծերանոցի տուած այցելութեան ետք Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի մէջ Առաքելական նուիրակութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ Ռաբունապետին հետ։ 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2025, 09:23