Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիա փոխադրող թռիչքը Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիա փոխադրող թռիչքը  (ANSA)

Դէպի Թուրքիա ճամբորդութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապին հեռագիրները

Սովորութեան համաձայն առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին քահանայապետը հեռագիրներ յղեց թռիչքով օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներուն նախագահներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Դէպի Անգարա թռիչքի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը օդանաւէն սովորութեան համաձայն հեռագիրները յղեց օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներուն նախագահներուն, որոնց շարքին Իտալիոյ, Խրուաթիոյ, Պոզնիա Երզեկովինայի, Մոնթենեկրոյի, Սերպիոյ եւ Պուլկարիոյ նախագահներուն։

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց.

«Իմ առաքելական ճամբորդութիւնս՝ Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելու պահուն, այնտեղի բնակչութեան, մանաւանդ հաւատքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդիպելու, խաղաղութեան եւ եղբայրակցութեան ուղիները քաջալերելու համար, ինծի սիրելի ձեզի պարոն նախագահ եւ Իտալիոյ ազգին կ՝ուղղեմ իմ սրտագին ողջոյնները յայտնելով իմ ջերմ մաղթանքներս սիրելի Իտալիոյ հոգեւոր, քաղաքական եւ ընկերային յառաջդիմութեան համար»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2025, 09:45