Որոնել

Յարուցեալը մեզի ցոյց տուաւ բոլորս եղբայրներ ըլլալու ճանապարհը. Լեւոն ԺԴ. խորհրդածութիւնը

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին «Յիսուս մեր յոյսը» նիւթին մասին խորհրդածութիւնները շարունակելով Սրբազան Պապը կեդրոնացաւ մարդկային եղբայրութեան եւ Յիսուսին «զիրար սիրելու» պատուիրանին վրայ դիտել տալով` որ «մեր կեանքը կառուցուած է շատ մը յարաբերութիւններու վրայ, որոնց կարիքը ունինք բարգաւաճելու համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուսին յարութիւնը եւ այսօրուայ աշխարհին մարտահրաւէրները». Այս եղաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին 12 նոյեմբեր 2025-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, զոր Ան ներկայացուց հիմնուելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» խօսքին վրայ (Յովհ. 15,12)։

«Յիսուս մեր յոյսը նիւթին մասին խորհրդածութիւնները շարունակելով այսօր նկատի պիտի առնենք մարդկային եղբայրութիւնը եւ Յիսուսին պատուիրանը զիրար սիրելու» ըսաւ Սրբազան Պապը, խորհրդածութեան սկիզբը, դիտել տալով` որ «մեր կեանքը կառուցուած է շատ մը յարաբերութիւններու վրայ, որոնց կարիքը ունինք բարգաւաճելու համար»։

Եղբայրութիւնը

«Եղբայրութիւնը անխտիր ժամանակակից մարդկութեան ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մին է...Ան կը ծնի մարդկային խոր իրականութենէ մը։ Մենք կարող ենք յարաբերութիւններ ստեղծել...առանց յարաբերութիւններու որոնք մեզի թիկունք կը կանգնին ու մեզ կը հարստացնեն, մենք չենք կրնար աճիլ եւ սորվիլ...եւ եթէ հպած ենք մենք մեր վրայ, վտանգը կայ որ հիւանդանանք առանձնութեամբ...», յարեց հուսկ ի միջի այլոց Քահանայապետը բացատրելով «եղբայր» բառին իմաստը` որ կը նշանակէ «հոգ տանիլ, ի սիրտ ունենալ, թիկունք կանգնիլ» եւ որ «իւրաքանչիւր մարդու համար օգտագործելով զայն կը դառնայ կոչ եւ հրաւէր», նշեց Ան մատնանշելով թէ « երբ միւսներուն հետ մեր ամենօրեայ փոխազդեցութիւնները իրական են, եւ ոչ պարզապէս քաղաքավարական ձևականութիւններ, մենք կ՛ աճինք ուրախութեամբ և սիրով»։

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եղբայրութեան ջատագովը

Քահանայապետը առ այդ այս իրողութեան որպէս հոյակապ օրինակ ներկայացուց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին, որ բոլորը կ՛ողջունէր զանոնք անուանելով եղբայր կամ քոյր, անկախ անոնց աշխարհագրական, մշակութային, կրօնական և դաւանաբանական ծագումէն։

«Բոլորս եղբայրներ» խօսքը Սուրբին ներառական ձեւն էր, որով բոլոր մարդ անհատները կը դնէր նոյն մակարդակի վրայ, որովհետեւ կը ճանչնար անոնց արժանապատուութեան, երկխօսութեան, ընդունման և փրկութեան միասնական ճակատագիրը։ Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի աղքատիկին այս մօտեցումը վերներկայացուց «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ, արժեւորելով անոր արդիականութիւնը 800 տարիներ ետքը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով որ «Աստուծոյ փրկարար սէրը նուիրուած է բոլորին, առանց խտրութեան ու թէ ասոր համար է` որ Յիսուս մեզի կը պատուիրէ ընդօրինակել իր սէրը, որպէսզի կարողանանք դառնալ մեր միակ Հօր զաւակները»։

Սիրել զիրար ինչպէս Յիսուս սիրեց մեզ

«Շնորհիւ Անոր` որ մեզ սիրեց եւ մեզի համար զոհեց ինքզինք, մեր կարգին կարող ենք իրար սիրել ու մեր կեանքը զոհել ուրիշներուն համար, որպէս միակ Հօր զաւակներ եւ եղբայրներ Յիսուս Քրիստոսի մէջ....եւ որպէս այդ մենք միութեան և վստահութեան կապեր կը կառուցենք, երբ կ՛աջակցինք մէկը միւսին, և մեր թիկունքը չենք զլանար անոր` որ կարիքի մէջ է, երբ գիտենք լալ եւ ուրախանալ միասին, միասնութեան, վստահութեան և փոխադարձ ապաւինումի հեռանկարով» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ յիշեցնելով Յիսուսին խօսքերը. «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեր սիրեցի»։

Բոլորս եղբայրներ

«Մերած եւ յարութիւն առած Քրիստոսին պարգեւած եղբայրութիւնը մեզ կ՜ազատէ եսասիրութեան ժխտական տրամաբանութենէն, բաժանումներէն, ու մեզ կը վերադարձնէ առաջուայ կոչումին` յանուն սիրոյ մը եւ յոյսի մը, որ կը նորոգուին ամէն օր» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց նշելով որ «Յարուցեալը մեզի ցոյց տուաւ ճանապարհը` որուն վրայ քալել, Իր հետ միասին, որպէսզի մենք մեզ զգանք եւ ըլլանք բոլորս եղբայրներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2025, 10:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >