Որոնել

Pope Leo XIV arrives to hold a general audience in Saint Peter's Square at the Vatican

Անսանք ձայնին անոր` որ ձայն չունի. Լեւոն ԺԴ. Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Յիսուսի մահն ու յարութիւնը կը դառնան համապարփակ բնապահպանութեան հոգևորականութեան հիմքը, ուր հաւատքն ու գիտութիւնը կը միաձուլուին արարչագործութեան վրայ համատեղ խորհրդածական հայեացքի մէջ» շեշտեց Լեւոն ԺԴ. յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը, հայող արարչագործութեան պաշտպանութեան, ուր Ան անհրաժեշտ կը նկատէ սրտի դարձը և նոր կեանքի մը ձևը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» յոբելենական թեմայի շուրջ մեր շարունակական խորհրդածութիւններուն մէջ այսօր կը քննարկենք Քրիստոսի Յարութիւնը և այդ յարութեան ազդեցութիւնը այսօրուայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն վրայ, յատկապէս համապարփակ բնապահպանութիւն մը ապրելու հարցին մէջ». Լեւոն ԺԴ. Պապին անգլերէն լեզուով արտասանած խօսքերն են ասոնք, չորեքշաբթի 19 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, զոր Ան գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն, շարունակելով խօսիլ Յոյսի Յոբելենական տարուան համար ընտրուած` «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթի մասին։

Միասին դիմագրաւել մարտահրաւէրները

«Իրականին մէջ, մարտահրաւէրները հնարաւոր չէ միայնակ դիմակայել, և արցունքները կեանքի պարգև են, երբ կը մաքրեն մեր աչքերը և կ՛ազատեն մեր հայեացքը», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց խորհրդածութեան սկիզբը կարդացուած Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած հատուածը (Յովհ. 20, 14-16), որ կը խօսի Մարիամ Մագդաղենացիի Յիսուսին հետ հանդիպման մասին, Անոր յարութենէն անմիջապէս ետքը։

Յիսուս ամէն բան նոր կը դարձնէ

«Զատիկի առաւօտեան Մարիամ Մագդաղենացիին ուղղած հարցումին նման, Յիսուս այսօր մեզի ալ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ կու լաս։ Ո՞վ կը փնտռես»։ Աննշան չէ, որ Աւետարանը կը յիշատակէ այն այգին, ուր Յիսուսը թաղուեցաւ։ Գերեզմանի մօտ Մարիամ Մագդաղենացին անմիջապէս չի ճանչնար Քրիստոսը ու զայն կը շփոթէ այգեպանին հետ։ Այս վայրը կը յիշեցնէ մարդկութեան սկզբնական առաքելութիւնը՝ մշակել և հոգ տանիլ։ Խաչին վրայ Յիսուս սիրեց մինչև վերջ, և մեռելներէն Յարութիւն առնելով՝ Ան «ամէն բան նոր կը դարձնէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Քրիստոսի փրկագործական արարքը կարող է վերափոխել մեր բոլոր յարաբերութիւնները՝ Աստուծոյ, միւս մարդոց և արարչագործութեան հետ, եթէ մենք թոյլ տանք, որ այդ մէկը պատահի» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` թէ «Մարիամ Մագդաղենացիին նման, որ Զատկուայ առաւօտը, ետ դարձաւ՝ նայելու Յիսուսին, մենք ալ պէտք է թոյլ տանք, որ քրիստոնէական յոյսին սերմը պտուղ տայ, դարձի բերէ մեր սրտերը և ազդէ մեր առջև ծառացած խնդիրներուն արձագանքելու մեր ձեւերուն վրայ»։

Յիսուսի մահն ու յարութիւնը համապարփակ բնապահպանութեան հոգևորականութեան հիմք

«Յիսուսի մահն ու յարութիւնը կը դառնան համապարփակ բնապահպանութեան հոգևորականութեան հիմքը, ուր հաւատքն ու գիտութիւնը կը միաձուլուին արարչագործութեան վրայ համատեղ խորհրդածական հայեացքի մը մէջ» շեշտեց Լեւոն ԺԴ. յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը, հայող արարչագործութեան պաշտպանութեան, ուր Ան անհրաժեշտ կը նկատէ սրտի դարձը և նոր կեանքի մը ձևը։

«Բնապահպանական մշակոյթը չի կարող սահմանափակուիլ շրջակայ միջավայրի քայքայման, բնական պաշարներու սպառման և աղտոտման ի յայտ եկող խնդիրներուն անյետաձգելի և մասնակի արձագանքներու շարքով։ Ան կը պահանջէ այլ տեսանկիւն, մտածելակերպ, քաղաքականութիւն, կրթական ծրագիր, կենսակերպ և հոգևորութիւն, որոնք կը ձևաւորեն դիմադրութիւնը» (Laudato Si', 111) գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը:

Ունկնդրել աղքատներուն ու երկրին աղաղակը

Այս բնապահպանական դարձը, որ անբաժան է քրիստոնէական դարձէն, մեզ կը տանի արցունքներու հովիտէն դէպի Նոր Երուսաղեմ։ «Այս անցումը, որ կը սկսի սրտէն և հոգևոր է, կը փոխէ պատմութիւնը, մեզ յանձնառու կը դարձնէ, զարկ կու տայ զօրակցութեան, որ այսուհետ կը պաշտպանէ մարդիկն և արարածները, գայլերու կրքէն՝ Գառնուկ Հովիւի անունով և ուժով» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով` թէ այդպէս ընելով Եկեղեցւոյ զաւակները կը հանդիպին բարի կամքի տէր միլիոնաւոր այլ մարդոց ու կիներուն, որոնք իրենց կարգին ունկնդրեցին աղքատներուն ու երկրին աղաղակը ու թոյլ տուին որ այդ աղաղակը դպչի իրենց սրտին։

«Բազմաթիւ են մարդիկը, որոնք արարչագործութեան հետ աւելի անմիջական յարաբերութիւններու միջոցաւ կը ցանկանան նոր ներդաշնակութիւն, որ զանոնք կը տանի բազմաթիւ պատռուածքներէն անդին», ընդգծեց ապա Քահանայապետը ու հայցեց` որ Սուրբ Հոգին մեզի կարողութիւն տայ անսալու ձայնին անոր` որ ձայն չունի, եւ որ մեր աչքերը բացուին վերագտնուած այգիին վրայ, այն խոստացուած դրախտի նկատմամբ, ուր իւրաքանչիւր մարդ, սիրով, կը կատարէ Աստուծոյ կողմէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 10:27

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >