Որոնել

Յոյս ունենալ կը նշանակէ դիրք բռնել նման Յիսուսին, Յիսուսին հետ. Լեւոն ԺԴ

«Յուսալը դիրք բռնել է» հաստատեց ապա Լեւոն ԺԴ. հասկնալ է ու ցոյց տալ է թէ ամէն ինչ չի կրնար առաջուայ նման ընթանալ» ըսաւ Ան ու ասկէ մեկնելով որպէս յոյսի տիպար ներկայացուց ամերիկացի կին մը «Dorothy Day»ը, որ ապրեցաւ անցեալ դարուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 22 նոյեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Տարուան հերթական հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ, որոնց շարքին նաեւ Երգչախումբերու Յոբելեանի ուխտագնացութեան մասնակիցները, որոնք ժամանած էին աշխարհի 117 երկիրներէ։

Յիշել որոշման պահը

«Ձեզմէ շատերուն համար այսօր Հռոմ գտնուիլը մեծ ցանկութեան մը իրականացումն է: Անոնց համար, որոնք ուխտագնացութեան մէջ են և կը հասնին իրենց նպատակակէտին, կարևոր է յիշել որոշման պահը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութեան առիթով ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը նկատել տալով, թէ որոշումը «սկիզբ առաւ մէկու մը խօսքի կամ հրաւէրի շնորհիւ» ապա նոյնինքն Տէրը բռնեց անոնց ձեռքէն ու առաջնորդեց զանոնք` ու ցանկութիւնը դարձաւ որոշում։

Անորմէ ոչ շատ ունի շատ պիտի պահանջուի

«Առանց անոր դուք այստեղ չէիք ըլլար: Կարևոր է յիշել այս մէկը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով խորհրդածութեան սկիզբը ընթերցուած Աւետարանական հատուածին, ուր գրուած է «Անոր` որ շատ բան վստահուեցաւ շատ բան պիտի պահանջուի, անոր` որ շատ բան տրուեցաւ, շատ բան պիտի խնդրուի»։

Յիսուս այս մէկը կ՛ըսէ իր աշակերտներուն, իրեն մօտիկներուն ու մենք եւս շատ բան ընդունեցանք մինչեւ այստեղ կատարուած մեր ուղեւորութեան ընթացքին, «մենք եղանք Յիսուսին ու Եկեղեցւոյ հետ» եւ «Յիսուս շատ բաներ կը սպասէ մեզմէ եւ այս մէկը վստահութեան ու բարեկամութեան նշան է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը «որովհետեւ Ան գիտէ` որ մենք կարող ենք» աւելցուց Ան։

Յիսուսին սիրոյ կրակը

«Յիսուս եկաւ կրակ բերելու, Աստուծոյ սիրոյ կրակը երկրի վրայ եւ իղձին կրակը մեր սրտերուն մէջ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ Յիսուսին բերած խաղաղութիւնը նման է կրակին ու թէ Ան մեզմէ կը պահանջէ դիրք բռնել` «անարդարութիւններուն, անհաւասարութիւններուն դիմաց, ուր մարդկային իրաւունքը ոտնակոխ եղած է, ուր դիւրաբեկները ձայն չունին»։

Դիրք բռնել

«Յուսալը դիրք բռնել է» հաստատեց ապա Լեւոն ԺԴ. հասկնալ է ու ցոյց տալ է թէ ամէն ինչ չի կրնար առաջուայ նման ընթանալ» ըսաւ Ան ու ասկէ մեկնելով որպէս յոյսի տիպար ներկայացուց ամերիկացի կին մը «Dorothy Day»ը, որ ապրեցաւ անցեալ դարուն մէջ։

Տորոթի Տէյի օրինակը

«Ան կրակն ունէր իր մէջ եւ դիրք բռնեց։ Տեսաւ թէ իր Երկրին զարգացումի տիպարը բոլորին նոյն հնարաւորութիւնները չէր ընծայեր, հասկացաւ որ երազը շատերուն համար մղձաւանջ էր, ու թէ որպէս քրիստոնեայ պէտք էր ներգրաւուիլ աշխատաւորներու, գաղթականներու ու սպաննող տնտեսութեան մը անտեսուածներուն հետ»։

«Ան կը գրէր ու կը ծառայէր։ Կարեւոր է միացնել միտքը, սիրտը եւ ձեռքերը։ Այս է դիրք բռնելը» հաստատեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ Տորոթին կերակուր կը բաշխէր, զգեստներ կը նուիրեր, կը հագուէր եւ կ՛ուտէր նման անոնց` որոնց կը ծառայէր, կը միացնէր միտք, սիրտ ու ձեռքեր...Ան ներգրաւեց հազարաւոր մարդիկ։ Բազմաթիւ քաղաքներու եւ թաղամասերու մէջ բացին տուներ, բարեսիրութեան ու արդարութեան փոքր կեդրոններ, ուր կարելի էր իւրաքանչիւրը կոչել իր անունով, զիրար ճանչնալ, և վրդովմունքը վերածել հաղորդակցութեան և գործողութեան»։

Յիսուսին կրակը

«Ահա թէ ինչպիսիք են խաղաղարարները. անոնք դիրքորոշում կ՛առնեն եւ կը կրեն հետևանքները, բայց յառաջ կը շարժին։ Յոյս ունենալ կը նշանակէ դիրք բռնել նման Յիսուսին, Յիսուսին հետ։ Անոր կրակը մեր կրակն է։ Թող` որ Յոբելեանը վերստին բորբոքէ զայն մեր մէջ և ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ» եղան Քահանայապետին խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2025, 11:01

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >