Որոնել

2025.12.10 Udienza Generale

Քահանայապետին կոչը` դադրեցնելու Թայլընտի եւ Քամպոճայի հակամարտութիւնը

«Ես խորապէս վշտացած եմ Թայլընտի և Քամպոճայի սահմանին վերսկսած հակամարտութեան լուրէն» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ «կան քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակէն ներս բազմաթիւ զոհեր, և հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 10 դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը` տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետքը ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները, կոչ ուղղեց Թայլընտի և Քամպոճայի սահմանին վերսկսած հակամարտութեան դադրեցումին համար։

«Ես խորապէս վշտացած եմ Թայլընտի և Քամպոճայի սահմանին վերսկսած հակամարտութեան լուրէն» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ «կան քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակէն ներս բազմաթիւ զոհեր, և հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները»։

«Ես աղօթքով իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ այս սիրելի մարդոց և կը խնդրեմ կողմերէն անյապաղ դադարեցնել կրակը և վերսկսիլ երկխօսութիւնը» կոչ ուղղեց Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունելէ ետքը իտալացի ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշելով այսօր յիշատակուող Լորեթոյի Տիրամօր տօնը ու հրաւիրելով երիտասարդները «Մարիամի դպրոցին մէջ սորվելու սէրը եւ յոյսը» ապա խօսքը ուղղելով հիւանդներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ հիւանդներ, թող Սուրբ Կոյսը ըլլայ ձեր ուղեկիցն ու մխիթարութիւնը ձեր տառապանքներուն մէջ» հուսկ նորապսակները քաջալերեց իրենց «ամուսնական ճանապարհը վստահելու Յիսուսին Մօր»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2025, 11:12