Ուքրանիա, Լևոն ԺԴ. Եւրոպան կարևոր դեր ունի խաղաղութեան համար. զայն բացառելը անիրատեսական է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ, լրագրողներու հետ իր երեքշաբթի օրուայ սովորութիւն դարձած հանդիպման ժամանակ, Լևոն ԺԴ-ը անդրադարձաւ Ուքրանիայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ առաւօտեան հանդիպման հիմնական թեմաներուն: Ան բացատրեց, որ հանդիպումը կենտրոնացած էր հրադադարի որոնման և, մասնաւորապէս, ընտանիքներէն խլուած ուքրանացի երեխաներու հայրենադարձութեան վրայ. «Դանդաղ գործընթաց, որ կ՛ իրականացուի կուլիսներուն մէջ», - ըսաւ Ան՝ վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի վճռականութիւնը՝ նպաստելու անոնց վերադարձին:
Քահանայապետը ապա վերահաստատեց Վատիկանի տրամադրութիւնը հիւրընկալելու բանակցութիւնները թէեւ նկատել տուաւ Ան մինչեւ այժմ տակաւին չէ ընկալուած։ Իսկ Քիեւ կատարելիք առաքելական հաւանական ճամբորդութեան վերաբերեալ Ան յոյս յայտնեց, որ այդ մէկը իրականանայ. «Յոյսով եմ՝ այո, չեմ գիտեր՝ երբ։ Մենք նաև պէտք է իրատես ըլլանք այս հարցով. գուցէ կարելի կ՜ըլլայ այդ մէկը կատարել» ըսաւ Քահանայապետը։
Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Տոնալտ Թրամփին առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Եւրոպան բանակցային սեղանէն բացառելը «անիիրատեսական չէ», յիշեցնելով, որ պատերազմը կը մղուի եւրոպական հողի վրայ, և որ ցամաքամասի միութիւնը կարևոր է ապագայ անվտանգութեան երաշխիքներուն համար։
«Խաղաղութեան համաձայնագրի որոնումը՝ առանց Եւրոպան քննարկումներուն մէջ ներառնելու, անիրատեսական է։ Պատերազմը Եւրոպայի մէջ է, և ես կը կարծեմ, որ Եւրոպան պէտք է ըլլայ այն անվտանգութեան երաշխիքներուն մաս, զոր կը փնտրենք այսօր և ապագայի համար»։ «Ցաւօք, ոչ բոլորը կը հասկանան այս մէկը, բայց կը կարծեմ, որ կայ մեծ հնարաւորութիւն Եւրոպայի գաղափարի համար, միանալու եւ միասին փնտռելու լուծումներ»։
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ Իսթանպուլի կապոյտ մզկիթին տուած իր այցելութեան մասին, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` թէ ի՞նչու ինք չ՛աղօթեց այնտեղ. ««Բայց ո՞վ ըսաւ, որ ես չեմ աղօթած։ Այսինքն՝ ըսին, որ ես չեմ աղօթած, բայց ես արդեն պատասխան տուի այս հարցումին. Ես յիշեցի գիրք մը (Եղբայր Լաուրենսի «Աստուծոյ ներկայութեան գործընթաց»)։ Գուցէ ես հիմա ալ կ՛աղօթեմ։ Ես կը նախընտրեմ աղօթել կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ Հաղորդութեան ներկայութեամբ», - եզրափակեց Լեւոն Քահանայապետը՝ մզկիթի մէջ իր ապրած այդ պահի մասին հաղորդուածը համարելով «հետաքրքիր» ու բացատրելով, թէ ինք այնտեղ ապրեցաւ «ամփոփումի եւ լսողութեան» պահ մը, հուսկ իր Առաքելական Պալատ փոխադրութեան թուականի մասին հարցումին պատասխանեց, թէ ինք առ այժմ լաւ է այնտեղ ուր է, այսինքն «Sant’Uffizio» պալատի իր բնակարանին մէջ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
