Որոնել

Քոնկոյի մէջ պատերազմ Քոնկոյի մէջ պատերազմ  (AFP or licensors)

Մարեմեան աղօթք. Քահանայապետին կոչը Քոնկոյի մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները ու ձգտելու կառուցողական երկխօսութեան

«Գովաբանենք Տէրը այն նահատակներուն համար, որոնք Աւետարանի քաջարի վկաներ են, հալածուած և սպաննուած իրենց ժողովրդին մօտ մնալու և Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնալու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 դեկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւրատին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն, յիշեց երէկ սպանիայի մէջ Երանելի հռչակուած` Քահանայ Emanuele Izquierdo եւ անոր յիսունութ ընկերները, հայր Antonio Montañés Chiquero-ն եւ անոր վաթսունչորս ընկերները, որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին հաւատարիմ մնացած ըլլալուն համար, 1936-38 կրօնական հալածանքներու ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ երէկ Փարիզի մէջ Երանելի հռչակուած` Քահանայ Raymond Cayré, կրօնաւոր Gérard-Martin Cendrier, նորընծայ Roger Vallé-ն աշխարհական Jean Mestre եւ անոնց քառասունվեց ընկերները, որոնք իրենց կարգին սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար` 1944-45 տարիներու Նացիական տիրապետութեան ընթացքին։

«Գովաբանենք Տէրը այս նահատակներուն համար, որոնք Աւետարանի քաջարի վկաներ են, հալածուած և սպաննուած իրենց ժողովրդին մօտ մնալու և Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնալու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Ան ապա նշեց թէ «խոր մտահոգութեամբ կը հետևի Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեան արևելեան շրջանին մէջ վերսկսած մարտական​​գործողութիւններուն», որոնց առնչութեամբ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց բնակչութեան ապա կոչ ուղղեց «հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն դադարեցնելու բռնութեան բոլոր ձևերը և ձգտելու կառուցողական երկխօսութեան՝ յարգելով ընթացող խաղաղութեան գործընթացները»։

Քահանայապետը առ այդ ողջունեց իտալիայէն եւ այլ երկիրներէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի։

Նորին Սրբութեան վերոնշեալ կոչին վերաբերեալ նշենք, որ ՅՈՒՆԻՍԵՖԻ հրատարակած տեղեկութիւններու համաձայն Քոնկոյի Ժողովրդավարական, Հանրապետութեան մէջ բռնութիւններու պատճառաւ տեղահանուած են աւելի քան 500,000 մարդ, որոնց շարքին աւելի քան 100,000 երեխաներ։

ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը կոչ կ՛ընէ բոլոր կողմերուն պաշտպանելու երեխաները և յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը և Երեխաներու իրաւունքները։

ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը համագործակցի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան և Պուրունտիի ազգային իշխանութիւններու և գործընկերներու հետ՝ անյապաղ համապատասխանելու երեխաներու մարդասիրական կարիքներուն, անոնց ապահովեցնելու նաեւ անվտանգութեան պայմաններ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2025, 12:20